1 Նոյեմբերին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնի մէջ ընդունեց Եւրախորհրդարանի պատգամաւոր, Արցախի հետ ԵԽ բարեկամութեան խումբի համահիմնադիր Պետեր Վան Տալենին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը` ուղեկցութեամբ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի:
Հանդիպման Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդգծեց, որ ԵԽ պատգամաւորներուն այցելութիւնը Հայաստան տեղի կ՛ունենայ հայ ժողովուրդին համար դժուարին իրավիճակի մէջ, երբ երկրին առջեւ ծառացած են յետպատերազմեան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ անվտանգային հարցեր: Նորին Սրբութիւնը կարեւոր համարեց նման այցելութիւնները, որոնք նպատակ ունին ամրապնդելու ու զօրացնելու փոխգործակցութիւնը ԵԽ եւ Հայաստանի միջեւ` առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար:
Անդրադառնալով սեպտեմբերի 13-14-ին Հայաստանի նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն` Հայոց Հայրապետը ցաւով արձանագրեց, որ հայկական կողմը ունեցած է մարդկային ու տարածքային մեծ կորուստներ: Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութեան դատապարտման եւ կանխման հարցով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարեւոր համարեց միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը` յոյս յայտնելով, որ բարեկամ երկիրները, միջազգային կառոյցները, այդ կարգին նաեւ Եւրոպայի Խորհուրդը, յստակ կեցուածք կ’արտայայտեն ու քայլերու կը ձեռնարկեն տարածաշրջանը ապակայունացնող Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական նկրտումներու զսպումին, Արցախի ժողովուրդի ազատ ու անվտանգ կեանքի իրաւունքի ապահովման, առ այսօր Ատրպէյճանի մէջ պահուող ռազմագերիներու վերադարձին գծով:
ԵԽ պատգամաւորներ պատրաստակամութիւն յայտնեցին զօրակցելու յիշեալ հարցերու բարձրաձայնումին եւ յաղթահարումին գծով:
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու իւրացման փաստերուն: