Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով եւ օրհնութեամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ նշանակուեցաւ Գերաշնորհ Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեան, որ օրեր առաջ ժամանեց Հալէպ:
Արդարեւ, Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Հայրապետական Նուիրակ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեան հանդիսաւորապէս իր անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին:
Պատարագին ներկայ գտնուեցան Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական, Հիւպատոս Մեծարգոյ Տիար Բաբգէն Պատալեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխան Տիար Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգ. Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի անդամներ, ազգայիններ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն։
Ազգ. Առաջնորդարանի սեմին, Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտներով եւ փողերախումբին նուագակցութեամբ, ապա դպրաց դասի «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ եւ թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի Ս. Խորան: Պատարագիչ Սրբազան Հօր առընթերականներն էին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդ Միաբաններէն Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան:
Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին լեցուն էր մեծաթիւ հաւատացեալներով, որոնք եկած էին մասնակից դառնալու Սուրբ Պատարագին, լսելու Սրբազան Հօր պատգամը եւ իրենց կապուածութիւնը արտայայտելու Հայ Եկեղեցւոյ եւ մեր ազգային-եկեղեցական արժէքներուն նկատմամբ:
Սրբազան Հօր պատգամին բնաբանն էր՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հետեւեալ հաստատումը.  «Մայրս ու եղբայրներս ասոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն» (Ղկ 8.21): Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ իսկական հաւատացեալը ան է, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսէ, Անոր կամքը կը կատարէ եւ Անոր համաձայն կեանք մը կ’ապրի: Հետեւաբար, Քրիստոսի խօսքը մեզի կը մղէ ինքնագիտակցութեան եւ ինքնաճանաչումի՝ տեսնելու համար, թէ արժանի պիտի ըլլա՞նք Աստուծոյ մայրը եւ եղբայրները կոչուելու:
Օրուան աւետարանական հատուածին մէջ յիշուած ճրագին օրինակը մէջբերելով, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ որպէս քրիստոնեաներ, Քրիստոսի լոյսը եւ Սուրբ Հոգիին կնիքը ունինք մեր մէջ, հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է աշտանակի վրայ դրուող ճրագ դառնալ՝ բարի գործերով լուսաւորելու եւ պայծառացնելու մեր շրջապատը, ընկերութիւնն ու ազգը: «Այս նեղ եւ դժուարին օրերուն հրաւիրուած ենք մեր անձնական շահերը մոռնալու եւ մէկ բռունցք դառնալով մեր պարտականութիւնը յառաջ տանելու, օգտակար դառնալու եւ օժանդակելու վերականգնումի գործընթացին», աւելցուց Սրբազան Հայրը:
Եզրափակելով, Մակար Սրբազան հրաւիրեց ներկաները հոգատար ըլլալու իրարու նկատմամբ եւ Աստուծոյ խօսքով գօտեպնդուելու, որպէսզի լուսաւորենք եւ փոխակերպենք մեր շրջապատը՝ մեր անձնազոհ եւ անշահախնդիր մարդասիրութեամբ, ծառայութեամբ, աշխատանքով եւ աստուածահաճոյ կեանք ապրելով:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ննջեցեալներու եւ Ուրֆայի հերոսամարտի նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Ապա, Սրբազան Հայրը թափօր կազմած եւ «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի պատմական եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը հայրենասիրական փունջ մը երգեր հնչեցուց: Ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը:
Հայրապետական Նուիրակ Սրբազանը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով անգամ մը եւս հաստատեց, որ հակառակ տիրող բոլոր դժուարութիւններուն, մեր ուխտը վերանորոգելով պիտի շարունակենք կառչած մնալ մեր հայրենիքին՝ Հայաստանին եւ Արցախին, Սուրիական հայրենիքին եւ մեր հոգեւոր, ազգային եւ բարոյական արժէքներուն, այն հաստատ համոզումով, որ հայ ժողովուրդը բնորոշող յաւիտենականութեան եւ յարութեան ոգիով դուրս պիտի գան իր բոլոր դժուարութիւններէն:
Եկեղեցւոյ «Ն. Աղբալեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ շնորհաւորական աջահամբոյր, որուն ընթացքին Մակար Սրբազան ընդունեց ներկաներուն շնորհաւորանքները:
Բարի ծառայութիւն կը մաղթենք Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակին: