-«ՍԱՆԱ»- Երեքշաբթի, 1 Նոյեմբերին դոկտ. Պաշշար ալ-Ճաաֆարի Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուելուն առիթով իր հաւատարմագիրը ներկայացուց Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի երկիրներու հարցերով Ռուսիոյ նախագահի ներկայացուցիչ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Միքայէլ Պոկտանովին։
-«Պաաս»- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի յանձնարարութեամբ, Սուրիոյ Հանրապետութեան պետական նախարար Մանսուր Ազզամ ցաւակցութիւն յայտնեց Ազգային յառաջդիմական ճակատի կեդրոնական հրամանատարութեան անդամ, ընկերվարական «Իթթիհատ» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար եւ միջ-արաբական կուսակցութիւններու խորհրդաժողովներու նախագահ հանգուցեալ Սաֆուան Քուտսիի ընտանիքին։
-«Ուաթան Անլայն»- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ պաշտօնական այցելութիւն ունեցաւ Թեհրան՝ իրանցի իր պաշտօնակից Հուսէյն Էմիր Ապտուլլահեանի եւ այլ քաղաքական գործիչներու հետ Սուրիոյ եւ Իրանի ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելու։
-«Ուաթան Անլայն»- Ալճերիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խորհրդատու Սալէհ Պուշա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Ալճերիա պիտի շարունակէ զօրակցիլ Սուրիոյ աւելցնելով. «Ալճերիա ամէն ճիգ կը թափէ Սուրիոյ արաբական գագաթնաժողովներուն մասնակցութիւնը հաստատելու համար, սակայն արաբական երկիրներուն միջեւ անհամաձայնութիւններ կան այս հարցին շուրջ եւ Սուրիա հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ նման պարագաներու»։
-«Ուաթան Անլայն»- Չորեքշաբթի, 2 Նոյեմբերին Թուրքիոյ մէջ սուրիացի տեղահանուածներ Քեսապի սահմանէն Սուրիա վերադարձան։ Անոնք վերահաստատուեցան սուրիական բանակին կողմէ ազատագրուած իրենց գիւղերն ու քաղաքները։
-Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ նախագահի բանագնաց Ալեքսանտր Լաւրենթեւ «Ուաթան Անլայն»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Սուրիա-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւնը դրական զարգացման փուլի մէջ է։ Ան դատապարտեց նաեւ սուրիական հողերուն դէմ իսրայէլեան իրարայաջորդ յարձակումները։
-«Տամ Փրէս»-Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ սուրիական անցագիր ստանալու փափաք ունեցող, 18 տարեկան բոլորած սուրիացի այն քաղաքացիները, որոնք արձանագրուած են քաղաքային հարցերու տնօրէնութեան մօտ, կրնան ներկայանալ իրենց ծնողներուն հետ եւ անցագիր ստանալու դիմում ներկայացնել։ Անցագրերը կրնան ստանալ դիմումէն 14 օր ետք, իսկ անհրաժեշտ պարագաները՝ 48 ժամուան ընթացքին։