Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը Կիրակի, 30 Հոկտեմբերին, իր գումարած արտակարգ նիստին աւարտին հրապարակած յայտարարութեան մէջ յստակ կը դարձնէր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի հրաժարելու Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը ապահովելու առաքելութենէն:
Նոյն օրը, աւելի քան 40.000 արցախցիներ անկիւնադարձային այս ժամանակաշրջանին յանդգնութեամբ, եւ ոչ թէ պայքարի նշաձողերը իջեցնելու տրամաբանութեամբ,  իրենց յըստակ դիրքորոշումը արտայայտեցին, շեշտելով, որ Արցախը երբեք չէ եղած եւ չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ:
Հանրահաւաքն ու Արցախի Ազգ. Ժողովի արտակարգ նիստը տեղի կ’ունենային Սոչիի մէջ Փութին-Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումի նախօրէին:
Արցախի ժողովուրդին այս աքտը անկասկած իր դերը ունեցաւ եռակողմ հանդիպումին նախորդող երկկողմ հանդիպումներուն եւ կանխեց Արցախի առնչուող որեւէ ժխտական արձանագրութիւն: Չմոռնանք, որ Հայաստանի վարչապետը քանիցս յայտարարած էր, որ պիտի ստորագրէ ցաւոտ, բայց անհրաժեշտ փաստաթուղթի մը տակ, իսկ Փութին եռակողմ հանդիպումէն քանի մը օր առաջ յայտարարած էր Արցախի առընչուող ուաշինկթընեան եւ ռուսական նախագիծերու մասին ու հայկական կողմին ուղղած այն հարցումը, որ եթէ Հայաստան պատրաստ է ատրպէյճանական գերիշխանութեան տակ ընդունելու Արցախը ուաշինկթընեան նախագիծով, Մոսկուան որեւէ բան չի կրնար պարտադրել հայկական կողմին:
Միտք բանին՝ ներկայ տուեալներով Արցախը Ատրպէյճանի գերիշխանութեան ենթակայ դարձնող որեւէ փաստաթուղթ չէ ստորագրուած, պարզապէս Արցախի կարգավիճակին լուծումը յետաձգուած է:
Տարածաշրջանի զարգացումները ցոյց կու տան, որ կողմերը ամէն գնով կը փորձեն զսպել պատերազմը եւ սրումի ընթացք չտալ որեւէ հարցի:
Այս ընթացքին, սակայն, հարցական է, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի վարչապետը իր տարբեր ելոյթներուն մէջ կը խօսի Արցախի ժողովուրդին սոսկ ապահովութեան երաշխիքներուն մասին, եւ չի յիշեր Արցախի ապահովութիւնն ու արցախցիներուն ինքնորոշման միջազգային օրէնքով հաստատուած իրաւունքը:
Կասկածէ դուրս է, որ Ատրպէյճան Արցախի հարցին կարգաւորման յետաձգումը պիտի օգտագործէ արցախահայութեան գաղթը խթանող տարբեր լծակներու օգտագործմամբ, բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ հայութեան հետքը վերացնելու ծրագրեալ աշխատանքով՝ հասնելու Արցախը աստիճանաբար հայաթափելու իր նպատակին:
Արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կը թելադրէ պաշտպանել նաեւ Արցախի ապահովութիւնը եւ արցախի ժողովուրդին իսկ միասնականութեան օրինակով գործել՝ պահպանելու յատկապէս արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքով ամրագրուած Արցախի Հանրապետութիւնը:
Արցախցին է վերջապէս իր ապագան ճշդողը, իսկ անոր որոշումը յստակ է՝ Արցախը երբեք չի կրնար ենթակայ ըլլալ Ատրպէյճանի լուծին: