Երբ հաւատքի բարի պատերազմ մղես՝ ամէն օր ընթացքովդ Վարդանանց պիտի տօնես։
Երբ հայերէն գրելու ճիգ թափես՝ ամէն օր ապրումովդ Թարգմանչաց խորհուրդը պիտի յիշեցնես։
Երբ սիրտդ մսուրի վերածես՝ փրկութեան ուրախ լուրին տարածման պիտի նպաստես։
Երբ անխախտ հաւատքով խաչի ճանապարհէն քալես, Քրիստոսի սիրոյն մասին պիտի վկայես։
Երբ արթուն խիղճով քնանաս՝ «Բարի գիշերներ» պիտի դիմաւորես։
Երբ ապաշխարելու որոշում կայացնես՝ փրկութեան հասնելու հնարաւորութիւն պիտի գտնես։
Երբ սխալէդ դասեր քաղես՝ սրբագրուելու փափաքդ վառ պիտի պահես։
Երբ բարին խորքով սիրես՝ չարը արմատէն պիտի մերժես։
Երբ մեղքին հետ սակարկես՝ ահաւոր վնասներ պիտի կրես։
Երբ ժամանակդ լաւապէս օգտագործես՝ պատուաբեր ապագայ պիտի կերտես։
Երբ Աստուծոյ խօսքին փոխարէն մարդոց կարծիքը նախընտրես՝ խաղաղութիւնդ պիտի կորսնցնես։
Երբ ժամանակաւոր արժէքներով կեանքդ սահմանափակես՝ երկինք տանող կամուրջները պիտի քանդես։
Երբ աստուածային հրաշքները մտաբերես՝ նեղութեան օրերուն երկնային միջամտութիւն պիտի ակնկալես։
Երբ երկրի վրայ պանդուխտ ըլլալդ յիշես՝ մաքուր խղճմտանքով ապրիլ պիտի վճռես։
Երբ գոհաբանական աղօթք մատուցես՝ Աստուծոյ նկատմամբ երախտապարտ զգացումներդ պիտի յայտնես։
Երբ սիրոյ պատուիրանը գործադրես՝ Քրիստոսի հաւատարիմ աշակերտ ըլլալդ պիտի ապացուցես։
Երբ մեղքէն հրաժարիլ ուզես՝ արդարութեան պտուղները պիտի ճաշակես։
Երբ հաշտութեան ենթահող պատրաստես՝ խաղաղութիւն պիտի սերմանես։
Երբ Քրիստոսի նկարագիրը ընդօրինակես՝ Աւետարանին զօրութիւնը պիտի հռչակես։
Երբ աշխարհիկ հրապոյրները դիմադրես՝ անկողոպտելի զարդերով առօրեադ պիտի գեղեցկացնես։
Երբ ազատութիւնդ կամքով պատուաստես՝ բարին գիտակցութեամբ պիտի ընտրես։
Երբ կոչումդ նուիրումով միախառնես՝ ծառայութեան դաշտիդ առատ հունձքը պիտի վայելես։
Երբ ճշմարտութեան խօսքդ խոնարհութեամբ համեմես՝ լսող ականջներ պիտի գտնես։
Երբ գիտութիւնդ սիրով ուրիշներուն փոխանցես՝ վաղուան մարդուժը պիտի պատրաստես։
Երբ յոյսին հեռադիտակը գործածես՝ հեռուն եղող ապահով նաւահանգիստը պիտի տեսնես։
Երբ յոգնիս որպէսզի հանգչեցնես՝ զոհուելու գաղափարը պերճախօս ձեւով պիտի պարզես։
Երբ հաւատքի ախոյեաններուն կեանքէն օրինակ կ’առնես՝ հոգեւոր ապրումով եւ ներշնչումով զԱստուած պիտի պաշտես։
Երբ խաչին ընդմէջէն Յարութեան աւետաձայն կանչը կը լսես՝ հաւատքի երթդ պիտի արժեւորես։
Երբ կեանքիդ տեւողութեան սուրբ նպատակներ կը հետապնդես՝ գոյութիւնդ պատահականութեան պիտի չվերագրես։
Երբ ի վերուստ քեզի տրուած շնորհքը կը ծաղկեցնես՝ մարդոց կեանքը շէնցնելու համար պիտի գործես։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան