Երկուշաբթի 31 Հոկտեմբեր 2022-ին, օրհնութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ ընթացք առաւ իմաստասիրական եւ բարոյագիտական նիւթերու շուրջ դասախօսական շարք:

Յիշեալ դասախօսական շարքը կը ներկայացնէ Նորին Ս. Օծութեան հրաւէրով Գերմանիայէն Մայրավանք ժամանած դոկտոր Սարգիս Քէհեաեան: Դոկտ. Քէհեաեան Կաթողիկոսարանի ՀԱՍԿ պաշտօնական ամսաթերթին մէջ ստորագրած է բազմաթիւ իմաստասիրական յօդուածներ եւ հեղինակած իմաստասիրական բնոյթ ունեցող երկեր, որոնցմէ մէկը շուրջ տարի մը առաջ Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսած «ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹՒԻՆ – Փիլիսոփայական ակնարկ» հատորն է:

31 Հոկտեմբերէն 15 Նոյեմբեր երկարող դասախօսութիւններուն կը մասնակցին Մայրավանքի Հայագիտական Կեդրոնի ուսանողները, վանաբնակ միաբան հայրերը եւ Դպրեվանքի սարկաւագները: Իմաստասիրական բարոյագիտութեան համապարփակ պատկերը բովանդակող դասախօսական շարքին նիւթերն են.-

– Ներածութիւն փիլիսոփայութեան

– Ներածութիւն բարոյագիտութեան

– Պարտագիտական բարոյագիտութիւն (Deontological Ethics)

– Նպատակաբանական բարոյագիտութիւն (Teleological Ethics)

– Առաքինութեան բարոյագիտութիւն (Virtue Ethics)

– Զգացումի բարոյագիտութիւն (Moral Sense Ethics)

– Քննախօսութեան բարոյագիտութիւն (Discourse Ethics)

 

– Բարոյագիտութեան քննադատութիւն (Critique of Ethics)