Նկարիչը գոյներ կ’օգտագործէ իր պատկերը աւելի հմայիչ եւ ուշագրաւ դարձնելու նպատակով։ Երազողը կը նախընտրէ վարդագոյնը, կեանքը աւելի սիրելու ու անոր անուշութիւնը վայելելու համար։ Բնապաշտը անդադար կանաչը կը գործածէ, որովհետեւ բնութեան խորհրդանիշն է։
Սակայն ի՞նչ նշանակութիւն ունին գոյները հայուն բառարանին մէջ.
– Կարմիր։ Կարմիրը մեր նահատակներու արեան գոյնն է։ Գոյնն է արեան այն հերոսներուն, որոնք իրենց վառօդները միշտ չոր պահած կ’երգեն կարապի երգը։
– Կապոյտ։ Որքա՜ն գեղեցիկ է կապոյտ երկինքը։ Թող Հայաստանի երկինքը յաւիտեանս կապոյտ ըլլայ ու խաղաղութիւն տիրէ այնտեղ։
– Նարնջագոյն։ Ցորենին եւ ծիրանին մաշկն է նարնջագոյնը, սնած Ամբողջական Հայաստանի հողերէն, որոնցմէ մաս մը առայժմ սահմանէն դուրս է, բայց հաւատացէ՛ք ապագայ սերունդը մեզի պատկանողը ետ պիտի բերէ։
Սեւը մուտք կը գործէ հայու բառարանին մէջ, երբ կարմիր գոյնին՝ զոհաբերութեան, արժէքը չգիտցողները սեւ մելանով կը ստորագրեն եւ կը յանձնեն մեր օրհնուած հողը ուրիշին։
Չմոռնանք որ կայ նաեւ սպիտակը, որ կը հաւատայ արդարութեան։
Սպիտակը դեռ յոյս ունի ապրելու խաղաղ, կապուտակ երկնքին տակ, հայրենիքի մէջ հետեւելով ֆիտայիին օրինակին։
Սպիտակը սրբութիւնն է. եւ այս սրբութեան մաս չեն կազմեր դաւաճաններն ու կեղծ ազգային գործիչները, այլ հոն կան միա՛յն հզօրները, իսկական քաջերը, ժողովուրդին համար զոհուող, Եռագոյնը պաշտող ու զայն ամէն ինչէ վեր դասող հայրենիքի պաշտպանները։
Աննա Պետրոսեան