Շաբաթ, 5 Նոյեմբեր 2022-ի միջօրէին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Հալէպի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Թեմի Քահանայ Հայրեր։

Վերապատուելի համայնքապետը եղբայրական ջերմ սիրով շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ նշանակուելուն ուրախ առիթով եւ մաղթեց, որ համագործակցութեամբ եւ եղբայրական ոգիով երկու եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը շարունակուի՝ հայկական շունչով եւ Քրիստոսի եկեղեցւոյ միութիւնը ամրագրելով:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, Մակար Սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց եւ դիտել տուաւ, որ հակառակ տիրող դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, եւ առկայ ծանր պայմաններուն ու կարիքներուն, ինչպէս անցնող տասնամեակներուն, նոյնպէս ալ այժմ միասիրտ եւ միահոգի, ձեռք-ձեռքի տուած, իրարու թեւ ու թիկունք կանգնած կը շարունակենք եւ պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը որպէս սրբազան ծառայութիւն՝ իւրաքանչիւրը իրեն տրուած աստուածատուր կարողութեամբ, սատարելու, օժանդակելու եւ հասնելու մեր ժողովուրդի անհամար կարիքներուն, պահպանելով մեր ազգային, եկեղեցական եւ մշակութային սրբութիւններն ու արժէքները, միշտ ապաւինելով Աստուծոյ Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեան եւ աստուածային շնորհքին ու ողորմութեան։