Ի՞նչ կը մտածէք, երբ նման խորագիր տեսնէք: Ես պարզապէս զարմացած էի, որովհետեւ ուրախութիւնը այնքան անձնական բան է, այնքան շրջապատին կապուած է եւ այնքան պայմաններէն կախում ունի, որ այդ մասին զեկուցումներ ընելը քիչ մը տարօրինակ գտայ: Շատ-շատ կրնան ըսել՝ երբ գոհ ըլլաս ունեցածովդ եւ երբ օգնես շուրջիններուդ, ուրախ կ’ըլլաս: Ուրի՞շ:
Նոյեմբեր 13-16 առցանց գագաթնաժողով մը կայ եղեր, նուիրուած հրճուանքի թէ ուրախութեան թէ ցնծութեան, դո՛ւք որոշեցէք, թարգմանելով անգլերէն joy բառը. Global Joy Summit.
Կը կարդամ ծանուցումը եւ պահ մը իրապէ՛ս կը կարկամիմ. այսօր, երբ աշխարհը անդունդէ անդունդ կը գլորի, երբ աւելի ու աւելի կը բազմանան գաղթականները, երբ աղքատութիւնը համաճարակի պէս կը տարածուի, երբ սովը մարդկային կեանքեր կը խլէ (մինչ աշխարհը լուռ է, ոչ իսկ կը դիտէ), ցնծութեան նուիրուած գագաթնաժողով մը ի՞նչ կրնայ փոխել:
Ճիշդ է, որ մեր ծնողքը յաճախ ըսած է՝ ցաւդ օտարին, նոյնիսկ հարազատիդ ցոյց մի՛ տար, որովհետեւ
ա. ոչինչ պիտի կարենայ ընել, կամ շատ քիչ բան եւ բ. որովհետեւ զինք եւս նեղացուցած պիտի ըլլաս քու ցաւը պատմելով:
Այսքանը հասկնալի է:
Ըսուած է նաեւ, որ կրցածիդ չափ շուրջիններուդ օգնէ՛ եւ ուրախութիւն տարածէ: Այս ալ հասկնալի է: Բայց ցնծութեան նուիրուած գագաթնաժողո՞վ …
Կը դիտեմ մասնակցողներուն լուսանկարները եւ անոնց լայն, շա՜տ լայն ժպիտները ուղղակի կեղծիք կը թուին:
Եթէ ընդունինք, որ իրապէ՛ս բարի կամեցողութեան արտայայտութիւն մըն է այս գագաթնաժողովը, աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր, որ այս բոլոր մեծերը,- որովհետեւ բոլորն ալ մեծ անուններ են, Տալայի Լամայէն սկսեալ, մինչեւ վախճանած Տէզմոնտ Արք. Թիւթիւ, որ իր մէկ հին ձայնագրութեամբ պիտի մասնակցի եղեր,- այս բոլոր մասնակիցները նախ իրենց կարելին, ամբողջ կարելին ընէին գոնէ պատերազմները կանխելու համար:
Մասնակիցներուն մէջ կան քարոզիչներ, թղթակիցներ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններ, հեղինակներ, երգիչներ, դերասաններ, նոյնիսկ արաբ իրաքցի-ամերիկացի հեղինակուհի մը՝ Զայնապ Սալպի, թիւով 16 անձեր, որոնք պիտի խօսին ցնծութեան թէ ուրախութեան մասին:
Բայց պատերազմներ կը հրահրուին, գաղթականներ կը քշուին իրենց երկիրներէն դուրս անյայտ ուղղութիւններով, եւ անմիջապէս մարդասիրական կամ բարեսիրական միութիւններ եւ ընկերութիւններ կը լծուին իրենց օգնութիւնները բերելու պատերազմի ենթարկուած երկիրներուն եւ տուժածներուն:
Չորս օրերու վրայ երկարող այս գագաթնաժողովին առաջին օրը նուիրուած է ամերիկեան ֆիլմի Ակադեմիայի մրցանակ շահած խումբի մը պատրաստած ֆիլմի ցուցադրութեան. Ֆիլմը կը կոչուի «Առաքելութիւն՝ Ուրախութիւն. Երջանկութիւն գտնել տագնապալի ժամանակներու մէջ» (Mission: Joy, Finding Happiness in Troubled Times), որովհետեւ, ինչպէս ըսած է Արք. Թիւթիւ, «Երբ բարիք կ’ընենք, կը զգանք որ ուրախ ենք, որովհետեւ մենք ստեղծուած ենք ուրախութեան համար»:
Երկրորդ օրը պիտի խօսուի «Ցաւին եւ ուրախութեան անբաժանելիութիւնը» նիւթին մասին (Ի վերջոյ տեղ մը ցաւն ալ յիշուած է):
Երրորդ օրը՝ «Ուրախութիւնը՝ ներսէն դէպի դուրս գացող աշխատանք»:
Իսկ չորրորդ եւ վերջին օրը՝ «Փոխկապակցում եւ Ubuntu». Թէ ի՞նչ կը նշանակէ այս Ubuntu-ն, պիտի ըսեմ. Windows-ի նման operating system-ի տեսակ, հիմնուած linux system-ի վրայ։ Թէ ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ Ubuntu-ն ուրախութեան հետ, չեմ գիտեր:
Բայց, կը մտածեմ, արդեօ՞ք ուրախութիւնը գագաթնաժողովի պէտք ունի եւ դասախօսներու. չէ՞ որ ուրախութիւնը այն միակ յատկութիւնն է (որուն արտայայտութիւնը ժպիտը եւ խնդուքն են), որ կը տարբերէ մարդը կենդանիներէն. չէ՞ որ մանուկները իրենց մաքուր հոգիին մէջ ունին ուրախութիւն ապրելու եւ զայն շրջապատին փոխանցելու թանկագին յատկանիշը: Ասիկա չի՞ նշանակեր, որ մարդ արարածին համար ուրախութիւնը ամէնէն բնական զգացումներէն մէկն է, միայն պայմանները լաւ ըլլան. իսկ պայմաններուն լաւ ըլլալը ոչ գագաթնաժողով կը պահանջէ, ոչ ալ հարստութիւն, այլ միայն արժանապատիւ կեանք մը՝ ծածք մը ընտանիքին գլխուն վրայ եւ աշխատանք:
Ատենին, Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկին կից Գիրքի Ակումբին մէջ կարդացեր էինք, կամ որքան կը յիշեմ թելադրեր էի աշակերտուհիներուն որ կարդան «Փոլիաննա» գիրքը, ուրախութիւն սփռող աղջնակի մը մասին, որ միս-մինակը ամբողջ աւանի մը ժողովուրդը կրցեր էր ուրախութեամբ վարակել, կեանքի հանդէպ իր պարզ համոզումով՝ երբ գէշ բան մը պատահի, փառք տուր Աստուծոյ, որ աւելի գէշը չէ պատահած: Այս պարզ դասը այդ փոքրիկ Փոլիաննան շատ ծանր ձեւով սորվեր էր՝ երբ Կաղանդ Պապայէն խնդրած պուպրիկին փոխարէն անթացուպեր գտեր էր իրենց ղրկուած սնտուկին մէջ:
Փոլիաննան կրցեր էր նոյնիսկ տեղւոյն քարոզիչին կեցուածքը փոխել, երբ իր խօսքին ընթացքին ըսած էր նաեւ՝ «Աստուածաշունչին մէջ 800 համար կայ ուրախութեան մասին, որոնք բոլորն ալ կը թելադրեն մեզի ուրախ ըլլալ»:
Եթէ հետեւինք չորսօրեայ այս գագաթնաժողովին, պիտի կարենա՞նք մեր մեծ ու փոքր մտահոգութիւններն ու ցաւերը մոռնալ եւ ուրախութեան տրուիլ: Թերեւս սորվինք մեր ցաւերն ու մտահոգութիւնները աւելի հմուտ կերպով թաքցնել եւ ուրախ երեւիլ: Այս պարագային, կեղծիք պիտի չհամարուէ՞ր մեր կեցուածքը:
Երբ պարզ բանի մը մասին այսքան թիւով «մասնագէտներ» կը բուսնին եւ գագաթնաժողովներ կը կազմակերպուին, արդէն մեր հասկացողութիւնները կը սկսին մշուշոտիլ, բառերուն եւ երեւոյթներուն միջեւ սահմանները կը չքանան, եւ մենք կ’իյնանք աւելի խորունկ մտմտուքի մէջ, ինչպէս ճիշդ հիմա, այս տողերը գրած միջոցիս եղաւ՝ «կեղծիք պիտի չհամարուէ՞ր մեր կեցուածքը»:
Թերեւս աշխարհը այնքա՜ն տակնուվրայ եղեր է, որ մոռցեր ենք ինչպէ՛ս ուրախանալ, հետեւաբար նման գագաթնաժողով ճիշդ ատենին կու գայ փրկելու մեր ուրախութիւնն ու մեզ: Կ’արժէ առցանց հետեւիլ անոր եւ յետոյ կարծիք կազմել, չէ՞:
Մարուշ Երամեան