Հայ Դատի Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ օրերս տեղի ունեցաւ «Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան հետեւանքները տարածաշրջանին մէջ» խորագրով սեմինարը, որուն զեկուցաբերներէն մէկն էր գրող, Դամասկոսի պետական համալսարանի քաղաքագիտութեան ճիւղի դասախօս դոկտ. Աքիլ Մահֆուտ: 
Դոկտ. Մահֆուտ եւ քաղաքական վերլուծաբան Սարգիս Գասարճեան այցելեցին «Գանձասար» եւ ծանօթացան խմբագրակազմի աշխատանքին ու թերթի հրատարակման ընթացքին: 
Այս առիթով «Գանձասար»-ի խմբագիրը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ դոկտ. Աքիլ Մահֆուտի հետ. 
Զարմիկ Պօղիկեան- Երէկ, ձեր դասախօսութեան ընթացքին հաստատեցիք, որ «թրքական երեւոյթ»-ին «ճշգրիտ ընթերցումը» ցարդ  կարելի չէ սպառիչ համարել: Սուրիացիներս անցնող տարիներուն վճարեցինք այս երեւոյթին թերագնահատման գինը: Ձեր կարծիքով ի՞նչ բանի վրայ կը յենի «թրքական երեւոյթ»-ին ճշգրիտ ընթերցումը այսօր՝ սուրիական պատերազմէն 10 տարի ետք:  
Դոկտ. Աքիլ Մահֆուտ- Այս երեւոյթը ճշգրտութեամբ ընթերցելու առաջին պայմանը՝ մենք մեզ ճանչնալը, մեր ուզածը իմանալն է, նախքան ուրիշը ճանչնալը: Սուրիացիներուս պարագային՝ ճանչնալ, որ մենք բազմագոյն հասարակութիւն ենք, ունինք ընկերային այլազանութիւն եւ որպէս պետութեան մաս, պէտք է պահպանենք սուրիական ընկերութեան միասնութիւնը: Եթէ այս մտքին շուրջ համակարծիք ըլլանք, կրնանք կողմնորոշուիլ ու հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս պիտի նայինք ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ որեւէ երկրի: Այստեղ տեղին է յիշել քաղաքագէտ Քառլ Շմիթի հետեւեալ խօսքը «Քաղաքականութիւնը, խորքին մէջ, ցնցումային հիմնական պահերուն թշնամիդ բարեկամէդ զանազանելն է»:
Մեր պարագային, սուրիական դէպքերուն զարգացումին հետ, երբ պատերազմը բռնկեցաւ, սուրիացիները չհամաձայնեցան թէ ո՛վ է իրենց թշնամին, ո՛վ՝ բարեկամը: Այս իսկ պատճառով մեր ժողովուրդը պատերազմի երկու հակադիր կողմեր տեղաւորուեցաւ. ոմանք պետութեան եւ բանակին կողքը կանգնեցան, ուրիշներ՝ Թուրքիոյ, ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի կամ այլ երկրի կողմ: Ուստի սուրիացիները, ըլլալով մէկ ժողովուրդի զաւակներ, երկու հակադիր կողմերու վրայ կանգնած մնացին: Պատկերացուցէք, օրինակ, Հալէպի մէջ սուրիացին սուրիացիին դէմ կը դնէր… սա կը նշանակէր, որ տուեալ անձը ինքնաճանաչման լուրջ հարց ունի: Հետեւաբար, պատասխանելով ձեր այս հարցումին կրկին կը շեշտեմ, որ մեր հիմնական յենարանը ինքնաճանաչումն է առաւելաբար:
Այլ խօսքով՝ որպէս պատերազմ ապրած սուրիացի քաղաքացիներ, որպէս անհատներ, որպէս ընկերութիւն կեդրոնանալը մեր ինքնութեան վրայ: Ինքնաճանաչումն է, որ պիտի նպաստէ ըմբռնելու տարբեր հարցեր, ներառեալ Թուրքիոյ նկատմամբ մեր կեցուածքին էութիւնը:
Զ.Պ.- Ձեր կարծիքով, Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ճամբան հարթուա՞ծ է:
Ա.Մ.- Ոչ, հակառակ վերջերս շրջանառուող տարբեր գնահատականներուն, անտեղի յոյսեր պէտք չէ փայփայել: Իմ կարծիքով Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութեան առկայ բարդութիւնը բարիկամեցողութեան նախաձեռնութեամբ մը կարելի չէ վերացնել, քանի որ Թուրքիան այսօր, ուղղակի թէ անուղղակի կերպով, կը բռնագրաւէ մօտաւորապէս Լիբանանի ամբողջ տարածքին հասնող սուրիական տարածք՝ օգտագործելով իրեն ենթակայ զինեալներ:
Այս իսկ պատճառով, ընթերցելով Թուրքիոյ մօտեցումները, կը տեսնենք, թէ դժուար թէ կարելի ըլլայ Թուրքիան իր վերահսկողութեան տակ առած տարածքներէն դուրս բերել առանց բարձր եւ ցարդ անորոշ գին վճարելու: Կը կարծեմ, որ Թուրքիան կը ծրագրէ պահպանել իր երկարաժամկէտ ներկայութիւնը յիշեալ տարածքներուն վրայ:
Հաւանաբար կը մտածէ ընել աւելին ու Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան եւ հիւսիսարեւելեան որոշ հատուածներուն մէջ ստեղծել առանձին միաւորներ, որոնց սահմանափակման գծով հետագային հաւանաբար համաձայնի՝ որոշ կարգադրութիւններու փոխարէն: Այս բոլորով մէկտեղ, սակայն, Թուրքիան Սուրիայէն դուրս  բերելը կը պահանջէ բարդ քաղաքականութիւն եւ համաձայնութեան այնպիսի պայմաններ, որոնք իրականանալի չեն թուիր այս օրերուն:
Հետեւաբար Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչուող բոլոր արտայայտութիւնները իրատեսական չեմ համարեր: Հաւանաբար գոյանան որոշ կէտերու շուրջ համաձայնութիւններ, ինչպէս օրինակ՝ Թուրքիոյ վերահսկողութեան որոշակի սահմանափակում, փոխարէնը Թուրքիան Սուրիոյ սահմանադրութեան բարեփոխման մէջ 2011-ին իսկ արծարծած եղբայրական հոսանքներու մասնակցութեան պահանջքը առաջ կրնայ մղել:
Միւս կողմէ Դամասկոս այս պայմաններուն ընդառաջելու տրամադրութիւն չի յայտներ, հետեւաբար դժուար է խօսիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին, կամ գուշակել անոնց ապագայ ընթացքը:
Զ.Պ.- Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիոյ նկրտումները, Ատրպէյճանի նեցուկ կանգնելով ոտնձգութիւններն ու սուրիական եւ ընդհանրապէս արաբական աշխարհի մէջ Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը տեղ մը կը հանդիպի՞ն:
Ա.Մ.- Կը կարծեմ չեն հանդիպիր: Հարաւային Կովկաս ուղղուելով էրտողան կը ջանայ «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան թուրանական ծրագիրին յագուրդ տալ, մինչդեռ Արեւելքի մէջ այլ նպատակ կը հետապնդէ: Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ յարձակելու Ատրպէյճանի քայլերը եւս այդ ծրագիրին մաս կը կազմեն: Ուստի ներկայ պայմաններուն մէջ հայ ժողովուրդը եւս զգոյշ պիտի ըլլայ իր թշնամին եւ բարեկամը ճանչնալու հարցով:
Զ.Պ.- Պատերազմէն ետք ձեր առաջին այցելութիւնն է Հալէպ: Շարժառիթը ՀԵՄ-ի կազմակերպած «Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան հետեւանքները տարածաշրջանին մէջ» խորագրով սեմինարն է: Ինչպիսի՞ տպաւորութիւններով կը վերադառնաք:
Ա.Մ.- Պատերազմէն ետք ասիկա իմ առաջին այցելութիւնն է Հալէպ՝ զրուցելու նիւթի մը շուրջ, որ կը հետաքրքրէ սուրիացիները՝ մէկ կողմէն իրենց երկրին սպառնացող վտանգը տեսնելու եւ անոր հետեւանքները վերլուծելու, միւս կողմէ պահպանելու երկրին ընկերային հիւսուածքը, որպէսզի ան չքայքայուի: Սուրիական ընկերութեան միասնական հիւսուածքին քայքայումը ամէնէն տկար օղակն էր օտար ուժերու թափանցման դիմաց: Դժբախտաբար  սուրիացիներէն ոմանք չկրցան գոյատեւել պատերազմի պայմաններուն մէջ ու գաղթեցին, որովհետեւ հորիզոնը մութ կը թուէր իրենց։
Այս բոլորը պետութեան, սուրիական ընկերութեան եւ մտաւորականներուն կիզակէտին մէջ կը պահէ վերջին տարիներու դէպքերը անգամ մը եւս ուսումնասիրելու անհրաժեշտութիւնը եւ համախմբելու Սուրիոյ ընկերութեան տարբեր բաղադրիչները: