«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատմած է Հայաստան իր այցելութեան մասին:
Փայլան յայտնած է, որ այցելութեան ընթացքին հանդէս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին եւ Ազգային ժողովի նախագահին հետ:
Դիտել տալով, որ այցելութեան ընթացքին քննարկուած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ «մնայուն խաղաղութիւն» հաստատելու առնչուող հարցեր, Փայլան ընդգծած է.
«Կը կարծեմ, որ Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար կայ լուրջ կարելիութեան պատուհան, սակայն կան նաեւ վտանգներ: Կը կարծեմ, որ դժուար է հաշտեցնել այն ժողովուրդները, որոնք երկար ժամանակ իրարմէ նեղացած են: Ատոր համար պէտք է քաջութիւն: Ես այդ պայքարի ջատագովն եմ: Կ’ուզեմ, որ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի ու Հայաստանի բոլոր քաղաքական գործիչներն ալ ըլլան ատոր կողմնակիցը:
«Այժմ խաղաղութեան համար կարելիութիւն կայ, երկու եղբայրական ժողովուրդները հաշտեցնելու համար բանալի գոյութիւն ունի: Եւ այդ բանալի երկիրը Թուրքիան է: Թուրքիոյ մէջ բոլոր դերակատարներուն, քաղաքական կուսակցութիւններուն, կառավարութեան, պարոն նախագահին իմ կոչս է. «Եկէ՛ք այս երկու եղբայրական ժողովուրդները հաշտեցնենք»»: