Ամէն օր մարդիկ կը ծնին, սակայն ոչ ղեկավարներ: Մինչ օրս, քաղաքականութեան մէջ ղեկավարութեան երեւոյթը իր շատ մը մասնիկներուն մէջ կը մնայ վիճելի: Մասնագէտներու միասնական կարծիք մը չէ գոյացած անոր շուրջ: Հիմնական տարակարծութիւնը կը մնայ այն, թէ ղեկավարները կը պատրաստուի՞ն, թէ ուղղակի ղեկավարութեան տաղանդով կը ծնին:
Միւս կողմէ վիճելի չէ հայկական ներկայ իրականութենէն ներս ղեկավարներու բացակայութեան իրողութիւնը:
 Հոս պէտք է շեշտեմ, որ պէտք չէ շփոթել ղեկավարութեան ու ղեկավարի պաշտօնավարութիւնը ստանձնողին միջեւ: Եթէ շփոթենք, հայրենիքի այսօրուան վարչապետը մաս պիտի կազմէ Ա. Մանուկեանի եւ Գ. Նժդեհի շարքին, ինչ որ անհաւանական է:
Ղեկավարը երբեք ինքզինք չի թաքցներ: Ան կը յայտնուի հաւաքականութեան մէջ որպէս կառավարիչ ու առաջնորդ, արժանանալով ժողովուրդի մեծամասնութեան ճանաչումին ու հաւատարմութեան, առանց պահանջելու այդ ճանաչումը ընտրական լծակներով:
Այս ամէնը կը շեշտեմ նկատի առնելով հետեւեալը.
Կար ոչ հեռու ժամանակ մը, երբ ունէինք ղեկավարներ, իսկական ղեկավարներ, որոնք կարիք չունէին սահմանադրութեան կողմէ տրուած լիազօրութիւններու եւ իրաւասութիւններու, կարիք չունէին նաեւ նախագահի կամ վարչապետի կոչումներուն: Անոնք այդ հանգամանքները կը վայելէին նախ եւ առաջ ի շնորհէ եւ ոչ թէ՝ ի պաշտօնէ:
Իսկ ինչ եղաւ անոնց ճակատագիրը… ահաբեկուեցան:
Ճիշդ 23 տարի առաջ, Վազգէնն ու Կարէնը դաւադրաբար ահաբեկուեցան, իսկ ոճրագործները բացայայտեցին իրենց սպանութեան մղումը՝ լաւ ապագայի ցանկութեան մէջ, ինչ որ չէին տեսներ Վազգէնի ու Կարէնի ղեկավարութեան մէջ:
Ցաւալի իրականութիւն է, որ կիսանկախ հայրենիքը շէնցնող Կարէնը եւ հայրենիքի անկախութեան պատերազմի յաղթանակին մէջ փայլուն դեր ունեցող Վազգէնը անկարող էին լաւ ապագայ խոստանալ ոճրագործներուն, բայց աւազակ, աթոռապաշտ եւ պարտութիւններ կրող նախագահներն ու վարչապետները կարող էին: Տրամաբանութիւն մը, որուն զարգացումը կանխելու համար պէտք էր ահաբեկիչները կախաղան հանէին՝ թըշնամիին անփոխարինելի ծառայութիւն մատուցելու մեղադրանքով, սակայն անոր փոխարէն, հայրենի իշխանութիւնը ցմահ հանգիստ բանտարկութեամբ պատժեց զանոնք:
Այդ օրուընէ ի վեր, մեր հայրենիքէն ներս իսկական ղեկավարները անհետացան: Հաւանաբար գոյութիւն ունին, սակայն մենք այլեւս  չենք նկատեր զիրենք, կամ իրենք այլեւս չեն ուզեր տեսնուիլ ամէն պարագաներու, երբ մենք կ’անտեսենք իրենց ներկայութիւնը, երբ այսօրուան վարչապետին նման ղեկավարի պաշտօնակատարներ կ’ունենանք:
Ի վերջոյ, ինչպէս ֆրանսացի փիլիսոփայ  Ժոզեֆ Տո Մեսթըր կ’ըսէ. «Իւրաքանչիւր ժողովրդավար ժողովուրդ ստանալու է իրեն արժանի ղեկավարը»:
Հայկ Պաթթալեան