Ինչո՞ւ յուսալ: Իրապաշտ անձ մը կրնա՞յ յուսալ: Թերեւս շատեր զիս քննադատեն իբր յոռետես  եւ ոչ-իրապաշտ անձ, բայց երբ իրականութիւնը քաղցր չէ մեր երազներուն պէս, քննադատութիւնը անտեղի պիտի ըլլայ, քանի որ հակառակը պնդողները ճիշդ պատկերը պիտի չտեսնեն յաճախ:
Ո՞ւր են երիտասարդութեան հաճելի եւ ուրախ օրերը, որոնք մեզի խոստացած էին: Անկեղծօրէն չեմ յիշեր, թէ վերջին անգամ ե՞րբ ընկերներուս հետ նստած՝ ուրախ մթնոլորտի մը մէջ սրտանց կը խնդայինք: Կ’ըսեն, թէ մարդ ինքզինք ուրախացնելու միջոցները անձամբ պիտի գտնէ եւ պայմաններուն չվերագրէ ամէն ինչ։ Այսինքն՝ մարդ ինքնագոհ ըլլալով պիտի գտնէ ուրախութեան ճամբան: Բայց  այս պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս կըրնանք տեսնել յոյսի նշոյլ մը, որ մեզ ուրախութիւն պարգեւէ: Ինքնախաբէութեա՞մբ։
Ընտանիքիս մեծամասնութիւնը ցիր ու ցան  է արդէն աշխարհին չորս դին: Նոյնիսկ ընկերներս ու բարեկամներս, որոնց հետ մեծցեր եմ, իմ կողքին չեն այլեւս: Միայն անցեալի յուշերով կ’ուրախանանք: Բայց արդեօք մենք յիշատակներով ապրելու տարիքի հասա՞նք, թէ տակաւին մեր ա՛յս տարիքին յիշատակելի օրեր պիտի ապրինք, որպէսզի ապագային յիշենք զանոնք։
Ամէն օր կ’արթննանք յուսալով, որ լաւ ու տարբեր բան մը պիտի ապրինք, բայց օրերը նոյնանման կը դառնան:
Կանուխ սկսանք ըսել՝ «Ասոր ալ փառք տանք», երբ մենք կրնայինք առիթը ունենալ աւելի գունեղ եւ փորձառութիւններով  լեցուն կեանք մը ապրելու:
Ընծայուած առիթները սահմանափակ են, ըլլան անոնք գործի, դասընթացքներու, ծառայութիւններու, ընթերցուելիք գիրքերու, պտոյտներու, նոյնիսկ նոր անձերու ծանօթանալու: Այս բոլորը մեզի կեանքի փորձառութիւններ պիտի մատուցէին:
Երբ քիչ մը տարբեր մտածելակերպ ունիս եւ դիւրահաճ չես, դժուար թէ սահմանափակ առիթներով գոհանաս, բաւարարուիս անոնցմով՝ մտածելով, թէ աւելի լաւ տարբերակը չկայ:
Նման խոհերով տարուած յանկարծ սթափեցայ, մտածելով որ յուսահատութիւնը ոչ մէկ ներդրում կ’ունենայ կեանքիս բարելաւման մէջ:
Թէեւ շուրջս ոչ մէկ բան յոյս կը ներշնչէ,  սակայն յուսահատութիւնը վանելն ալ ինքնին քայլ մը առաջ կը մղէ մեզ, մտածեցի: Ու որոշեցի պայմաններուն չվերագրել ամէն բան ու կերտե՛լ իմ ակնկալած ապագան:
Սարին Գրիգորեան