Օրերը կ’անցնին փամփուշտի արագութեամբ: Պատանութեան օրերս ալ անցան:
Կը յիշեմ երբ 12 տարեկան էի Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան պատասխանատուները դպրոց այցելեցին եւ բոլոր աշակերտները հրաւիրեցին մաս կազմելու միութեան:
Անտարբեր էի, որովհետեւ գաղափար իսկ չունէի որ այսպիսի միութիւն մը գոյութիւն ունէր: Տուն վերադառնալով ծնողքիս տեղեկացուցի հրաւէրին մասին եւ հարցուցի թէ ի՛նչ է Սուրիոյ Պատանեկան Միութիւնը: Ծնողքս սպառիչ պատասխաններով գոհացում տուաւ հարցումիս:
Հասաւ սպասուած առաջին ժողովին օրը: Երբ ակումբի դռնէն ներս մտայ, վախով չորս կողմ նայեցայ եւ նկատեցի որ ոչ ոք կը ճանչնամ: Ապա երիտասարդ մը,- հետագային պարզուեցաւ որ մեր պատասխանատուն է,- մեզի սենեակ հրաւիրեց ու սկսաւ առաջին ժողովը:
Այնքա՜ն կ’ամչնայի, որ շշուկ մ’իսկ չէի հաներ, բայց յանկարծ ըսուեցաւ որ պէտք է ինքզինքս ծանօթացնեմ: Դողահար անունս եւ մականունս ըսի: Շա՜տ կ’ուզէի, որ այդ վայրկեանին վախս անհետանար եւ ինքնավստահ մէկը ըլլայի, բայց չէի գիտեր ինչպէս կառավարել զգացումներս: Ընկերներուս նայելով հետզհետէ սկսայ քաջալերուիլ, ժողովներու ընթացքին ձայն առնել եւ կարծիքս յայտնել:
Օրերու ընթացքին փորձառութիւն շահեցայ, ինքնավստահութիւն ձեռք բերի, նոյնիսկ սկսայ դիւրաւ դասախօսութիւն պատրաստել:
Առաջին տարուընէ իսկ մասնակցեցայ միութեան բանակումին, որ մեծ ազդեցութիւն ձգեց վրաս եւ որմէ գեղեցիկ յիշատակներով վերադարձայ: Ծանօթացայ Սուրիոյ տարբեր շրջաններէ տարեկիցներուս, որոնց հետ մինչեւ օրս մտերիմ ընկերներ ենք: Անոնց հետ մէկ շաբաթ ապրելու գաղափարը կը ստիպէր ամէն տարի բանակումի մասնակցիլ:
Այսօր արդէն 5-րդ կարգի պատանի եմ եւ քանի մը օր առաջ տուի պատանիի խոստումս: Թէեւ ուրախ եմ, բայց միեւնոյն ատեն կը տխրիմ, որովհետեւ 5 տարի այս միութեան անդամ ըլլալէ ետք պիտի դադրիմ: Ափսո՜ս, որ օրերս շատ արագ անցան միութեան մէջ:
Սուրիոյ Պատանեկան Միութիւնը շատ բաներ սորվեցուց մեզի: Մեր միտքը զարգացուց, չարքաշութիւն սորվեցուց, բայց մանաւանդ սորվեցուց ինչպէ՛ս հայ մնալ, ինչպէ՛ս տէր դառնալ հայրենիքին, ինչպէ՛ս պաշտպանել մեր իրաւունքները եւ ինչպէ՛ս դառնալ հայրենասէր, որովհետեւ այս միութիւնը ամէն բանէ առաջ կը կերտէ հայ երիտասարդը, որ ապագայի հայ ղեկավարն է:
Լանա Համբարձումեան