Սուրիացի 7-ամեայ Շամ ալ-Պաքուր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցած արաբերէն ընթերցանութեան մրցոյթին առաջին դիրքը գրաւեց։
Մրցոյթին եզրափակիչ փուլը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2022-ին, Տուպայի մէջ, ուր մրցումը տեղի ունեցաւ 18 արաբական երկիրներէ ժամանող պատանիներու միջեւ։
Յիշենք, որ մրցոյթի առաջին փուլին արաբական տարբեր երկիրներէ մասնակցեցաւ 22 միլիոն ուսանող, 92.000 դպրոցներէ։