ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած Սուփըր գաւաթի աւարտական մրցումին, Հալէպի Ահլիի եւ Դամասկոսի Ուահտէ խումբերուն միջեւ կատարուած հանդիպումին ընթացքին Ուահտէի համակիրները մրցումի ամբողջ տեւողութեան տգեղ արտայայտութիւններով անարգեցին հիւր Ահլիի կազմը եւ իրեն ընկերակցող համակիրները, ինչպէս նաեւ դաշտ նետեցին հրահաններ, ջուրերու սրուակներ եւ մետաղեայ իրեր: Երկրորդ կիսախաղին, երբ Ահլիի խաղացող Ապտուլ Ուահապ ալ-Համուին տուգանային հարուած պիտի կատարէր, նետուած հրահաններէն մէկը եկաւ անոր աչքին ու վնասեց զայն: Ահլիի պատասխանատուները կիսատ ձգելով հանդիպումը, դուրս եկան դաշտէն՝ մերժելով շարունակել հանդիպումը: Իրաւարարները կանոնագրային պայմանաժամը տրամադրելով յաղթութիւնը նուիրեցին Ուահտէին:

 

Աւելցնենք, որ Դամասկոսի կազմի համակիրները առաջին անգամ չէ, որ այսպիսի արարքներով կը ներկայանան դաշտ: Սուրիոյ պասքեթի դաշնութեան նախագահ Թարիֆ Քոթրաշ «Սամա» պատկերասփիւռային կայանին հետ հանդիպումին յայտնեց, որ դաշնութիւնը յառաջիկայ օրերուն որոշում պիտի գոյացնէ մէկ տարուան տեւողութեան զոյգ խումբերուն միջեւ կայացած հանդիպումները առանց ժողովուրդի ներկայութեան կատարել:
– Սուրիոյ Ողիմպիական ախոյեան Ղատա Շուաա Սուրիոյ Մարզական Գերագոյն Կոմիտէի խորհրդատու նշանակուեցաւ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ԺԵՐԱՐՏ ՓԻՔԷՆ ԻՐ ՎԵՐՋԻՆ ՄՐՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ
Շաբաթ երեկոյեան քաթալոնէական Քամփ Նօ մարզադաշտին մէջ Սպանիոյ հաւաքականի եւ Պարսելոնայի խաղացող Ժերարտ Փիքէն իր վերջին հանդիպումը կատարեց: Ան Հինգշաբթի օր անակնկալօրէն յայտարարեց, որ Ալմերոյի դէմ կայանալիք հանդիպումը վերջինը պիտի ըլլայ իրեն համար, ու ան պիտի դադրի որպէս խաղացող հանդէս գալէ:
Փիքէ վերջ տուաւ 14 տարուան Պարսելոնայի հետ ունեցած պատմութեան։ Ան Պարսելոնայի հետ տիրացած է Սպանիոյ ախոյեանութեան 8 անգամ, բաժակին՝ 7 անգամ, ինչպէս նաեւ երեք անգամ տիրացած է Եւրոպայի Չեմփիընզ Լիկի եւ համաշխարհային բաժակներու: Ան նուաճումներ արձանագրած է նաեւ Սպանիոյ հաւաքականին հետ՝ տիրանալով համաշխարհային եւ Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն:
21 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ ՍԿԻԶԲ ՊԻՏԻ ԱՌՆԷ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ 
21 Նոյեմբեր 2022-ին Քաթարի մէջ սկիզբ պիտի առնէ համաշխարհային ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 32 երկիրներու հաւաքականներ:
Մրցաշարքի խմբակները կը կրեն հետեւեալ պատկերը.
Ա- Քաթար, Էքուատոր, Սենեկալ, Հոլանտա
Բ- Անգլիա, Իրան, Ամերիկա, Ուէլզ
Գ-Արժանթին, Սէուտական Արաբիա, Մեքսիք, Լեհաստան
Դ- Ֆրանսա, Աւստրալիա, Դանիա, Թունուս
Ե- Սպանիա, Քոսթարիքա, Գերմանիա, Ճաբոն
Զ- Պելճիքա, Քանատա, Մարօք, Քրուաթիա
Է- Պրազիլ, Սերպիա, Զուիցերիա, Քամերոն
Ը- Փորթուկալ, Կանա, Ուրուկուէյ, Հ. Քորէա:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան