Այսօր, Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութիւնը յայտարարեց Սուրիոյ մակարդակով երգչախումբերու Ա. մրցումին յաղթող խումբերուն անունները։
Անոնք են.
-«Զուարթնոց» երգչախումբ, Հալէպ
-«Սպենդիարեան» երգչախումբ, Հալէպ
-«Ուրճուան» երգչախումբ, Թարթուս
-«Ալ-Ռաաի ալ-Սալեհ» երգչախումբ, Լաթաքիա։
Երկրորդ եւ վերջին փուլի մրցումները տեղի պիտի ունենան 24,25 եւ 26 Նոյեմբեր 2022-ին։
Յաղթող նշեալ խումբերը առաջին օրը պիտի ներկայացնեն երեք երգ։ Նոյն օրուան երեկոյեան պիտի ընտրուի լաւագոյն երգեցողութեամբ հանդէս եկող խումբը, որ իր կարգին պիտի երկրորդ օրը պիտի ներկայացնէ առանձին համերգ մը։ Նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ պարգեւատրումը։