ՍԱՆԱ-ի Հոմսի թղթակիցը հաղորդեց, որ այսօր երեկոյեան ժամը 6։23-ին, Իսրայէլ Լիբանանի հիւսիսային Թրիփոլի-Հերմէլի սահմանէն հրթիռակոծած է Հոմսի արուարձանի Շաաէրաթ զինուորական օդակայանը։

Սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը հակադարձելով վար առած են կարգ մը հրթիռներ։

Աղբիւրին համաձայն, սուրիական բանակէն երկու զինուոր նահատակուած է, երեք՝ վիրաւորուած։ Արձանագրուած են նաեւ նիւթական վնասներ։
.