Երկօրեայ աշխատանքային նիստերէ ետք, ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 10-րդ խորհրդաժողովը աշխատանքները աւարտեց Շաբաթ, 12 Նոյեմբերի երեկոյեան: Ժողովը ութ նիստերով քննեց միութեան անցնող երեք տարիներու գործունէութեան զանազան բնագաւառները եւ հունաւորեց մինչեւ Պատգամաւորական յաջորդ Ընդհանուր ժողով (Հոկտեմբեր 2023) նախատեսուած ծրագիրները. երիտասարդական համագումար, սկաուտական «Արարատեան» կարգի դասընթացքի ամբողջացում, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի շրջաններու համար «Վկայեալ» կարգի սեմինար-բանակումներ, առցանց մարզախաղեր, համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակում եւ այլն:
Երէկ, կէսօրէ առաջ, խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք, ներկայ գտնուեցան ննջեցեալ եւ մահացած ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած հոգեհանգստեան պաշտօնին, որուն հանդիսապետեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Ապա, աշխարհի 22 երկիրներէն ժամանած ՀՄԸՄ-ականներու պատուիրակութիւնը յարգանքի իր տուրքը մատուցեց մայրավանքի շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան-մատրան:
Այնուհետեւ, պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ստացան անոր հայրապետական օրհնութիւնները եւ խրախուսական խօսքերը: Այս առիթով, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին անունով յուշանուէր մը յանձնուեցաւ վեհափառ հօր:
Ապա, խորհրդաժողովի մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակ եւ ննջեցեալ անդամներու յիշատակին մատուցուած հոգեհանգստեան պաշտօնին եւ յարգանքի ծաղկեպսակ մը զետեղեցին ՀՅԴ Պանթէոնին:
Խորհրդաժողովի մասնակիցներուն վերջին կանգառը եղաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը, ուր ՀՄԸՄ-ական պատասխանատուներ ծանօթացան վանքին զանազան բաժիններուն, Ս. Աստուածածին մատրան եւ Եղեռնի նահատակաց յուշարձանին, որուն առջեւ տեղի ունեցաւ հաւաքական աղօթք եւ ծաղկեպսակի զետեղում: Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան դպրեվանքին ու անոր սաներուն անունով յուշանուէր մը յանձնեց ՀՄԸՄ-ին:
Յայտնենք, որ ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 10-րդ խորհրդաժողովի աշխատանքները կանխեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան 2019-2023 քառամեակի լիագումար նիստերը, որոնք տեղի ունեցան Չորեքշաբթի, 9 եւ Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2022-ին: