ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի հանրային կապերու գրասենեակէն յայտնած են, որ աշխատանքային այցելութեամբ Կիպրոսի մէջ գտնուող ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցած է Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սպիրոս Ատտասի հետ։

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանի եւ Կիպրոսի համար երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր։

Իշխան Սաղաթէլեան Սպիրոս Ատտասին ներկայացուցած է Հայաստանի ու Արցախ դէմ Ատրպէյճանի կողմէն վարուող յարձակողական քաղաքականութիւնը, խօսած է հայ ժողովուրդի իրական ձգտումներուն ու առաջնահերթութիւններուն մասին։
ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչը նաեւ յայտնած է, որ անհրաժեշտ է ջանքեր գործադրել, որպէսզի միջազգային ճնշումի տակ Ատրպէյճանը ստիպուած ըլլայ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները ու պահուող այլ անձերը, ինչպէս նաեւ իր զօրքերը դուրս բերէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն։

Կիպրոսի փոխարտաքին գործոց նախարարը նախ ողջունած է ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչը եւ ողջ հայ ժողովուրդը իր ու նախարար Իոաննիս Քասուլիտեսի անունով՝ նշելով, որ ան երկրին մէջ չէ եւ չի կրնար անձամբ ներկայ գտնուիլ հանդիպումին։ Կիպրացի դիւանագէտը իր խօսքին մէջ աջակցութիւն յայտնած է Ի. Սաղաթէլեանի արծարծած հարցերուն՝ ըսելով, որ Կիպրոսը մշտապէս եղած է ու պիտի շարունակէ մնալ պատմական արդարութեան պաշտպանութեան հաւատարիմ մարտիկ։