Կիրակի, 2 Յունիս 2019-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքապետարան այցելեցին:
Սոյն հանդիպման Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի կողքին ներկայ էին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի մարմիններու ներկայացուցիչներն ու ժողովականները:
Համայնքապետ Վերապատուելին բարի գալուստ մաղթեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին եւ յայտնեց, որ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին Հալէպ ժամանումը ուրախութիւն է ողջ սուրիահայութեան համար: Ան դիտել տուաւ, որ Տէր Խաչատուրեանի Սուրիա այցելութիւնը կը զուգադիպի բարեբաստիկ այն օրերուն, երբ մենք ազգովին կը յիշատակենք 28 Մայիսի սխրագործութիւնները։ Համայնքապետ Վերապատուելին յայտնեց, որ ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտուեցաւ մեր ազգի մարտունակ զինուորներուն, ՀՅԴ-ի նուիրեալ զաւակներուն եւ հայ ժողովուրդի միասնական պայքարին շնորհիւ։
Ապա Վերապատուելին յայտնեց, թէ ՀՅԴ-ն հայ ժողովուրդին վերադարձուց իր ազատ ապրելու իրաւունքը։ «Կ’ողջունեմ ձեզ, որ պատասխանատու դեր ստանձնելով հաւատարիմ կը մնաք մեր ձգտումներու իրականացման ուխտին: Հայաստանը անկախացած է, այնուամենայնիւ մենք պէտք է տէր կանգնինք մեր 101-ամեայ պետականութեան խոստումին։ 28 Մայիսով կը յիշենք եւ կը յիշեցնենք, որ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականով պիտի շարունակենք մեր գոյերթը», ըսաւ վերապատուելին, աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն Հայ Աւետարանական Համայնքին հետ փոխգործակցութեամբ եւ միասնակամութեան ոգիով գործեց:
Համայնքապետ Վերապատուելին եզրափակելով ըսաւ. «Միասնականութիւնը երաշխաւորելու համար մենք միշտ պէտք ունինք միասնականութեան ոգիով գործող անհատներու: Միասնականութիւնը բեմերէն հնչող պաճուճանքի սահմաններուն մէջ պէտք չէ պահել, այլ գործի պէտք է վերածել: Մենք Սուրիոյ ճգնաժամային օրերուն Սփիւռքի ազգային կազմակերպութիւններուն եւ բարեգործական միութիւններուն համատեղ ջանքերով ապահովեցինք մեր ներդաշնակ ներկայութիւնը իբրեւ համախումբ հայութիւն»:
Հուսկ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը խօսք առնելով կարեւորեց միասնականութեան խորհուրդը։ «Հայ Աւետարանական Համայնքն ու մնացեալ յարանուանութիւնները իրենց գործակցութեամբ անսացին կազմակերպութեան միասնական աշխատանքի կոչին:
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը ձեր ներդրումով եւ իր զաւակներով մեր ազգային արժէքներուն ջատագովը հանդիսացած է եւ համահայկական մեր կեանքին մէջ իր ինքնորոյն տեղը ունեցած։
Հուսկ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը խօսք առնելով կարեւորեց միասնականութեան խորհուրդը։ «Հայ Աւետարանական Համայնքն ու մնացեալ յարանուանութիւնները իրենց գործակցութեամբ անսացին կազմակերպութեան միասնական աշխատանքի կոչին:
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը ձեր ներդրումով եւ իր զաւակներով մեր ազգային արժէքներուն ջատագովը հանդիսացած է եւ համահայկական մեր կեանքին մէջ իր ինքնորոյն տեղը ունեցած։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը բարձր գնահատեց Համայնքապետ Վերապատուելիին համահայկական տարողութեամբ տարած ազգային գործունէութիւնը:
Այնուհետեւ ան թուեց համահայկական մարտահրաւէրները՝ Հայաստանէն Արցախ, Ջաւախք եւ Սփիւռք։
Աւարտին Վերապատուելին տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին խորհրդանշական յուշանուէր մը նուիրեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետարան այցելութեան առիթով: