Երեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի հայութեան եւ այժմու կացութեան, Հայկազեան համալսարանին եւ Ազունիէի Ազգային բուժարանին առնչուած հարցեր:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ վերաշեշտելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ տասնամեակներու վրայ տարածուած գործակցութիւնը թէ՛ կաթողիկոսարանի եւ թէ՛ թեմերու մակարդակի վրայ: