Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ անդրադառնալով Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցած պայթումին յայտնեց, թէ Սուրիան ահաբեկչութիւնը կը դատապարտէ ամէնուրեք, ապա զգուշացուց Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ սոյն դէպքը Սուրիոյ դէմ շահագործելով լարուածութիւնը սաստկացնող քայլերէ, շեշտելով. «Թուրքիա պէտք չէ մոռնայ, որ հարիւր հազարաւոր ահաբեկիչներ ղրկեց Սուրիա եւ մինչեւ օրս Հասիչէի մէկ միլիոն քաղաքացիները ջրազուրկ կը պահէ եւ օրական յարձակումներ կ՚իրագործէ անոնց դէմ»։