Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբը բարձր կը գնահատէ ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ ընդունած միաձայնութեամբ բանաձեւը, որ խիստ կը դատապարտէ ատրպէյճանական յարձակումը։ Դէմ քուէարկած է միայն ատրպէյճանամէտ եւ Ալիեւներու կլանի մտերիմ Նաթալի Կուլէն, որուն կաշառուած ըլլալը արդէն ակնյայտ է բոլորին համար:
Այս բանաձևը անգամ մը եւս կ’ապացուցէ, որ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներու անվտանգութեան եւ իրաւունքներու հարցին շուրջ կայ Ֆրանսական քաղաքական համաձայնութիւն, մասնաւորապէս՝ օրէնսդրական մակարդակի վրայ։ Եւ մենք յառաջիկայ օրերուն կը սպասենք համանման բանաձեւի ընդունման Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ։
Այս բանաձեւը Ֆրանսայի կառավարութեան վրայ առաւել բարձր ճնշում եւ պարտաւորութիւն պիտի ըլլայ, որպէսզի իր եւրոպացի գործընկերներուն հետ ի վերջոյ պատժամիջոցներ ձեռնարկէ ատրպէյճանական թշնամիին դէմ։ Այս հարցով Ֆրանսայի հայ համայնքը, Հայ Դատի յանձնախումբը եւ ֆրանսացի պատգամաւորները մինակ պիտի ըլլան, եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները ու հայաստանեան դիւանագիտութիւնը չգործեն նոյն ուղղութեամբ։
Կայ երկրորդ շատ կարեւոր կէտ բանաձեւին մէջ։ Այն ատեն, երբ տարբեր քաղաքական ուժեր կը փորձեն խեղդել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու շուրջ քննարկումները եւ նիւթը փակ համարել, յատկանշական է, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը կը վերահաստատէ իր 2020-ի պահանջը Ֆրանսայի կառավարութեան՝ անգամ մը եւս կոչ ուղղելով ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը։ Ծերակոյտը նաեւ կը պահանջէ Արցախի մէջ ֆրանսական մարդասիրական կեդրոն հիմնել։
Հայ Դատի յանձնախումբը կը սատարէ այս առաջարկը եւ կը վերահաստատէ իր անվերապահ պատրաստակամութիւնը՝ գործակցելու Ֆրանսացի քաղաքական դասակարգի հետ ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան, անկախութեան եւ ազատագրութեան։