Ամերիկեան հեղինակաւոր «The New York Times» թերթը անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած պայթումին, որուն հետեւանքով սպանուած էր 6, իսկ վիրաւորուած՝ 81 քաղաքացի: Նշուած է, որ տեղի ունեցածը մեծ վնաս հասցուցած է Թուրքիոյ մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման:
Ամերիկեան թերթի այս դիտարկումը դժգոհութիւն յառաջացուցած է համացանցի թրքական տիրոյթին մօտ: Մասնաւորապէս թուրք օգտատէրեր նկատել տուած են այն հանգամանքը, որ թերթը անտեսած է տուժած մարդիկը եւ իր հայեացքը սեւեռած նիւթականի վրայ:
Թուրք օգտատէրերէն մէկը այդ առումով համացանցի իր էջին վրայ գրառած է. «Միայն զբօսաշրջութեա՞ն հարց էր: Այս ի՞նչ տեսակէտ է: Նման թշնամական ոճով նի՞ւթ կը գրեն»: