14 Նոյեմբեր 2022-ին Պէյրութի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ ուղեկից  միութիւններու խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովը հրաւիրող ՀՅԴ բարձրագոյն մարմինէն բացի, ժողովին կը մասնակցէին՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչը:
Օրակարգային հարցերու քննարկումէն առաջ ուղեկից միութիւններուն կողմէ ներկայացուեցան ընդհանուր զեկոյցներ՝ կատարուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայի գործունէութեան վերաբերեալ:
Խորհրդաժողովի քննարկումներուն առանցքային հարցերէն մէկը դարձաւ երիտասարդութեան  թեման: Ներկաները կարեւոր նկատեցին երիտասարդութեան ներգրաւումը  պատասխանատու աշխատանքներու մէջ՝ իբրեւ կարեւոր պայման միութիւններու գործունէութեան նոր աւիշ  հաղորդելու, ազգային ապագայի համար  գործիչներու նոր սերունդի կայացման  համար:
Կարեւոր նկատուեցաւ միութիւններու գործունէութեան ձեւերուն եւ մեթոտներուն արդիականացման խնդիրը, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ ոչ միայն քայլ պահելու եւ լսելի ըլլալու, այլ նաեւ հայրենակիցները հետապնդուած նպատակներու գիտակցութեամբ վարակելու  համար:
Հիմնական սեպուեցաւ քարոզչական մեթոտներու եւ աշխատանքներու արդիականացումն ու կատարելագործումը, առանց որոնց, ոչ միայն կարելի չէ  հանրութեան պատշաճ կերպով ներկայացնել  իրականացուող աշխատանքները, այլ նաեւ՝ զանոնք  արդիւնաւէտօրէն ծառայեցնել ազգային նպատակներուն:
Խորհրդաժողովը շեշտեց միութիւններու աշխատանքներու համադրման անհրաժեշտութիւնը՝ բազմաթիւ ազգանպաստ նախաձեռնութիւններու ծրագրման եւ իրականացման նպատակով:
Խորհրդաժողովի  քննարկումներուն մէջէն կարմիր թելի պէս կ’անցնէր հայոց զոյգ պետութիւններուն ներկայ վիճակէն բխող կատարուելիք աշխատանքներուն հարցը: Ժողովականները համոզուած էին, որ այսօրուան տագնապալի իրողութիւնները ոչ թէ կրաւորականութեան պէտք է մատնեն, այլ  պէտք է մղեն առաւել եռանդուն գործունէութեան՝ այն գիտակցութեամբ, որ իբրեւ  ուրոյն ճակատի զինուորներ՝ Դաշնակցութեան միութիւններն ու միութենականները ունին կարեւոր առաքելութիւն:
Ըստ քննարկումներուն, որդեգրուած նպատակի եւ գործի ուղիով պէտք է հետապնդել  ազգային առողջ ուժերու համախմբումը, ինչ որ միայն կրնայ լաւագոյն գրաւականը հանդիսանալ ազգային եւ պետական ճգնաժամերը յաղթահարելու ճամբուն վրայ:
Կարեւորութեամբ  շեշտուեցաւ, որ  ազգային մշակոյթը, կրթութիւնն ու բարեսիրութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային գործի մէջ ներգրաւուած գիտակից ու հայրենանուէր երիտասարդութեան առկայութիւնը լաւագոյն միջոց են, որոնք ամէն տեսակի  բաժանարարները վերացնելով՝  կրնան ծառայել ազգի համախմբման եւ ազգային ինքնագիտակցութեան արթնացման գործին:
Անգամ մը եւս արժեւորելով կատարուած աշխատանքը՝ խորհրդաժողովը վերահաստատեց  Դաշնակցութեան ուղեկից միութիւններուն ազգանուէր գործունէութիւնը անվարան շարունակելու, հայութեան անժամանցելի տեսլականներուն նոր թափով  եւ անսակարկ ծառայելու  յանձնառութիւնը:
ՀՅԴ ՈՒՂԵԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ