625-րդ վարագոյր, 98-րդ ներկայացում, 360 դերակատար-դերակատարուհիներ։
Ընթերցողը մտմտուքի մը մէջ իյնալով պիտի խորհի, թէ ասոնք ի՞նչ թիւեր են, որոնցմով արժէր յօդուած մը սկսիլ։
Այս թիւերը կը պատմեն սփիւռքահայ թատերախումբի մը պատմութիւնը։
Սփիւռքի գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ եղած են եւ կան թատերախումբեր, որոնք սփիւռքահայուն համտես կ’ընեն տարբեր տեսակի թատերական գործեր։  Ինչն է՞ զարմանալին։
Զարմանալին այն է, որ 2022 թուականի Մարտ ամսուն իր հիմնադրութեան 60-ամեակը տօնած «Ադամեան» թատերախումբը այսօր 61 տարեկան է։ Սփիւռքի դժուարին պայմաններուն մէջ թատերախումբի մը գոյութիւնը ինքնին հրաշքի համազօր է, ապա ինչ խօսք եթէ այդ թատերախումբը վաթսուն եւ մէկ երկար տարիներ առանց ընդհատումի ներկայացուցած է 98 ներկայացում եւ անոր բեմահարթակին վրայ 360 դերասաններ հայերէն լեզուով խաղցած են դերեր եւ ամէնէն կարեւորը այդքան երկար տարիներ Սփիւռքի դժուարին պայմաններուն մէջ հայ մարդը եկած է սրահ, որպէսզի հայերէն լեզուով ներկայացուող թատերախաղեր դիտէ։
625-րդ վարագոյր եւ 98-րդ ներկայացում կը նշանակէ, որ 60 տարիները անցած են աշխատանքով։ 360 դերակատար-դերակատարուհիներուն բեմ բարձրանալն ալ մեր սրտերը կը համակեն ուրախութեամբ։ Տուեալ մը, զոր ակներեւ կը դարձնէ նուիրեալներու խումբի մը գոյութիւնը, որոնք բեմին վրայ թրծուելով, տաշուելով իրենց հետքը ձգած են ու նպաստած՝ գաղութի մշակութային կեանքին, որուն միակ առաքելութիւնը ազգապահպանումն է։
Արուեստը գոյատեւելու համար կ’ենթադրէ ծայր աստիճան նուիրում։ Սոյն թիւերը լաւագոյնս կը վկայեն այն մասին, որ «Ադամեան» թատերախումբին մէջ կան հոյլ մը մարդիկ, որոնք այդ հոգիով պատուաստուած են ու իրենց մարմնի բջիջներն անգամ ծառայեցուցած են սփիւռքահայ թատրոնին։
14, 15, 21 եւ 22 Հոկտեմբեր 2022-ին Հալէպահայ հանդիսատեսը ժամադրուած էր «Ադամեան» թատերախումբին հետ վայելելու «Մեր Թաղը» ներկայացումը, բեմադրութեամբ Վաչէ Ատրունիի։
«Մեր թաղը», մեր միջավայրն է, մեր քաղաքը, մեր ընկերութիւնը։ Մարդիկ, որոնք այս մեծ ու դժուարին աշխարհին մէջ կը պայքարին արժանավայել եւ մարդկային բարձր արժէքներով ապրելու։ Կեանքի հարուածներն ու դժուարութիւնները կը դիմագրաւեն  մերթ ազնուութեամբ, մերթ յուսահատելով եւ մոլորելով, բայց երբեք չկորսնցնելով իրենց մարդկային որակները։
Գործին հեղինակը ինքը բեմադրիչն է, որ Սփիւռքի մէջ ծանօթ անուն է որպէս թատերագիր եւ բեմադրիչ։
Այս ներկայացման մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին «Ադամեան» թատերախումբի 26 դերասան-դերասանուհիներ։ Սովորութիւն է նման յօդուածներու ընթացքին անդրադառնալ իւրաքանչիւր կերպարի եւ զայն մարմնաւորող դերասանին։ «Մեր Թաղը» ներկայացման ընթացքին «Ադամեան»-ի բազում տարիներու փորձ ունեցող դերասանները փաստեցին իրենց կատարողական բարձր մակարդակը եւ անոնց բեմին տիրապետելու հնարքները յայտնուեցան խաղարկութեան ընթացքին։ Փորձառութեան երկար տարիները ի զուր տեղ չէին անցած։  Իսկ նորեկներն ալ հմտացած դերասաններու կողքին իրենք իրենց աւելի համարձակ կը զգային։
«Ադամեան»-ականները իրենց մասին խօսելու ժամանակ յաճախ կը գործածեն «ընտանիք» բառը. եւ ինչպէս այդպէս չըլլան, երբ 61 տարիներու ընթացքին կան հոյլ մը դերասաններ, որոնք քսանհինգ եւ աւելի տարիներ բեմահարթակին վրայ կեցած են։ Մէկը՝ բոլորին, բոլորը՝ մէկին լոզունգը կը մարմնաւորուէր բեմին վրայ։ Ընտանիքի անդամները, հին ու նոր դերասանները մէկզմէկու յենարան դարձած, բացառիկ խաղարկութեամբ մը հալէպահայ հանդիսատեսին ներկայացուցին «Մեր Թաղը» թատերախաղը։
Բեմահարթակին փոշին շնչած անհատներ դժուար թէ կարենան անոր թողած հետքէն ազատիլ։ Անգամ մը շնչած ըլլալ կը նշանակէ կեանք մը ամբողջ նուիրուիլ բեմին։ Եւ այս երեւոյթին լաւագոյն արտայայտութիւնը յիսուն տարուան  թատերական գործունէութեան համար պարգեւատրուած Ներսէս Տաղլեանն ու Հուրի Պասմաճեան էին։
«Մեր Թաղը» ներկայացման յայտագիրէն կը քաղենք.
Ներսէս Տաղլեան կը նշանակէ թատրոն, ուստի թատրոն կը նշանակէ Ներսէս Տաղլեան։ Անոնք՝ թատրոնն ու Ներսէս Տաղլեանը, Թումանեանի հօր կնունքէն եւ մօր ծնունդէն կարծէք երդուած ըլլան միմիանց հանդէպ հաւատարիմ ըլլալ եւ միշտ ծառայել իրարու։
Այս նկարագրութենէն յետոյ ոչ մէկ բառ կարելի է աւելցնել Ներսէս Տաղլեանին սփիւռքահայ թատրոնին իր նուիրուածութեան մասին։
Իսկ ինչ խօսք Հուրի Պասմաճեանին մասին, որուն սէրն ու ակնածանքը թատրոնի նկատմամբ ժառանգաբար անցած են իր ընտանիքէն եւ սփիւռքահայ թատրոնի սահմանները անցնելով հասած մինչեւ արաբական թատրոն։ Ի զուր չէ, որ պետութեան կողմէ պարգեւատրուած Հուրին դեռ շատ երկար պիտի շարունակէ գործել։
Եւ վերջաւորութեան յիշենք, որ 11 Նոյեմբեր 2022-ին «Ադամեան» թատերախումբը «Մեր Թաղը» ներկայացումով իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան հովանաւորութիւնը վայելող թատերական փառատօնին։ Թատերախումբը առաջին անգամ հանդէս եկաւ արաբ հանդիսատեսին եւ ներկայացումը կատարուեցաւ հայերէնով։
Հալէպի ՀԵ Ընկերակցութեան «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը խոստացած է դեռ երկար գոյատեւել եւ գործել այնքան ժամանակ, որ գոյութիւն ունին Սփիւռքն ու հալէպահայ գաղութը։
Ձեր վարձքը կատա՛ր։
Թղթակից