16 Նոյեմբերին Ֆրանսայի Ծերակոյտը ձայների՝ 295 կողմ, 1 դէմ յարաբերակցութեամբ ընդունեց Հայաստանին աջակցող եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւը։

Ի թիւս այլ դրոյթներու՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտի բանաձեւը կը պահանջէ հեռացնել Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը Հայաստանի սուվերեն տարածքէն եւ յարգել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, կոչ կ’ուղղէ ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները եւ ապահովել անոնց վերադարձը հայրենիք, առաջարկած է Ֆրանսայի կառավարութեան, եւրոպական գործընկերներուն հետ գործակցաբար, պատասխան դիւանագիտական եւ տնտեսական միջոցներ նախատեսել Ատրպէյճանի կողմէն իրականացուած յարձակումը պատժելու նպատակով՝ կիրառել պատժամիջոցներ, որոնք կը թիրախաւորեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ունեցուածքը, ինչպէս նաեւ կը նախատեսեն շրջափակում կիրառել Ատրպէյճանէ կազի եւ քարիւղի ներկրման հարցում, վերահաստատած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը եւ առաջարկած է կառավարութեան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հիմնել մարդասիրական գրասենեակ, առաջարկած է կառավարութեան դիտարկել Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդմանն աջակցելու կարելիութիւնը:

Բանաձեւը ներկայացուցած են ծերակուտականներ Պրունօ Ռըտայըն, Քրիստիան Քամպոն, Էլիան Ասասին, Փատրիք Քաններ, Էրվէ Մարսէյ եւ Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազ։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան 168.am-ի հետ զրոյցին մէջ անդրադառնալով այս պատմական բանաձեւի ընդունման՝ յայտնեց, որ ծերակուտականները ընդունեցին յարձակումի ենթարկուած Հայաստանին եւ յարձակող Ատրպէյճանին սատարող բանաձեւ՝ կրկին պահանջելով ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը:

«Պայքարը կը շարունակուի. նմանատիպ բանաձեւ պատգամաւորներեւ քուէարկութեան պիտի ներկայացուի 28 Նոյեմբերին,_ մանրամասնեց Մուրատ Փափազեան՝ նկատելով, որ այն ողջ հայոց աշխարհի յաղթանակն է,- յաղթանակ է, որ CCAF-ի կազմին մէջ խմբաւորուած Ֆրանսայի հայկական սփիւռքի միութեան արգասիքն է։ Միասնութիւնը կ’երաշխաւորէ մեր յաղթանակները, եւ ես կոչ կ’ուղղեմ Հայաստանի իշխանութիւններուն դադրեցնել սփիւռքի մէջ իրենց պառակտման քաղաքականութիւնը։ Կը դիմեմ պատասխանատուութեան»: