Այս գիշեր՝ Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2022-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) բիւրօն լրիւ կազմով այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, առաջնորդութեամբ բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի։

Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին տեսակէտերու փոխանակում տեղի ունեցաւ, յատկապէս Հայաստանը ու Արցախը դիմագրաւող խնդիրներու ու մտահոգութիւններու շուրջ։ Թէ՛ Նորին Ս. Օծութիւնը եւ թէ ՀՅԴ բիւրօն կարեւորութեամբ շեշտեցին Հայաստանն ու Արցախը ներկայ ճգնաժամային կացութենէն դուրս բերելու եւ դէպի հզօրացում ու փրկութիւն առաջնորդելու հրամայականը եւ այս ուղղութեամբ հաւաքական աշխատանք տանելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը։