Կրկին պատերազմ էր: Պատերազմ բառին մէջ ինչքան չարիք կայ: Արցախը վտանգուած էր:
Օր մը արթնցայ եւ համացանցէն կարդացի, որ Արցախէն մեծ տարածքներ կորսնցուցած ենք: Հայրենիքին համար  շատ հերոսներ անմահացան: Կը մտածէի, թէ  արդեօ՞ք աշխարհը կոյր էր եւ չէր տեսներ կատարուածը:
Ցաւալին այն է, որ այս պատերազմին պատճառով հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայկական սրբավայրերն ու կառոյցները թշնամիին յանձնուեցան: Երբոր յիշեմ այս իրողութիւնը, կը յուզուիմ:
Ժամանակին երբ պատերազմի մասին կը խօսէին, կը կարծէի թէ անհնար է հայուն յաղթելը, բայց չէի պատկերացներ որ կողմերու անհաւասարութիւնը այսքան մեծ կրնար ըլլալ՝ մէկուն դէմ երեք երկիրներու զէնքերով:
Այսօր կը հասկնամ, թէ որքան ցաւ կայ պատերազմ բառին մէջ եւ որքան երանելի է խաղաղութիւնը: Կը հաւատամ, որ մենք կրկին պիտի վերադառնանք մեր դրախտավայր  հայրենիքը:
Սոնիա Նազարեան