ԻՆՉՊԷ՞Ս ՕԳՆԵԼ ՄԱՆՈՒԿԻՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՉՄԵԿՈՒՍԱՆԱՅ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԴԱՌՆԱՅ
Կը պատահին օրեր, երբ ձեր մանուկը մանկապարտէզէն կամ դպրոցէն կը վերադառնայ եւ կը գանգատի, որ ընկերները իր հետ չեն խօսիր, չեն խաղար կամ կը ծիծաղին իր վրայ: Ծնողքը նման պարագաներու ինչպիսի՞ մօտեցում պէտք է ցուցաբերէ:
Ըստ մանկավարժ Էլենա Սարտարեանի, նախ պէտք է ընդունիլ, որ ամէն բան կախեալ է գիտելիքով զինուած ծնողքէն: Ծնողքը պէտք է երեխային օգնէ սերտելով եւ գնահատելով ոչ թէ իր ընկերային յարաբերութեան արդիւնքը, այլ ամբողջ ընթացքը: Հետեւելով այս սկզբունքին՝ պէտք է խրախուսել եւ քաջալերել երեխային իւրաքանչիւր քայլը՝ բարեւելը, խաղի մը մասնակցիլը, զրուցելը եւ այլն:
Յաջորդ կարեւոր քայլը երեխային հետ գործակցիլն է: Կան տարիքային փուլեր, երբ ծնողքը, բացի մանուկին ինքնուրոյնութիւնը ձեւաւորելէ, պէտք է նաեւ օգնէ անոր որոշ քայլեր առնելու: Գործակցող ծնողքը միշտ իր մանուկին հետ է, կ’օգնէ անոր, բայց չի կատարեր անոր ընելիքը: Մանուկը հրահանգներ կատարող, ենթակայ անձ դարձնելու փոխարէն, պէտք  է ժամանակ տալ, որ ան ինքնուրոյն դառնայ, անձամբ կատարէ իրեն առնչուող աշխատանքներ:
Հոգեբանութեան մէջ կ’առանձնացնեն մարդու  համաձայնող եւ դիւրահաւատ տեսակները: Այսպիսիները այն երեխաներն են, որոնք չեն ուզեր հարցերու մէջ մտնել, ուստի անմիջապէս կը համաձայնին դիմացինին հետ, կ’աշխատին վարուիլ այնպէս մը, որ որեւէ մէկը չնեղանայ, կը կատարեն իրենցմէ ակնկալուած ամէն բան:
Իրականութեան մէջ երեխան նոր բան ստեղծելու կարողութիւն ձեռք բերելու համար, պէտք է փորձէ դիմացինին հակաճառել երբեմն: Միւս կողմէ երեխան շրջապատին հետ մտերմացնելու համար  անհրաժեշտ է անոր սորվեցնել գործակցիլ ուրիշներու հետ եւ միեւնոյն ատեն խրախուսել, որ միշտ ընդհանուր հոսքին համընթաց չերթայ, այլ իր անձնական կարծիքը ունենայ:
Ձեր երեխան ինքնուրոյն դարձնելու համար հարկ է աշխատանք տանիլ: Նախ սկսիլ տան մէջ՝ խաղալիքները ինքնուրոյն հաւաքել տալ: Երբեմն  ծնողները երեխան ամչկոտ կը պիտակաւորեն. տեւաբար ըսելով, որ ան  ամչկոտ է եւ չի շաղուիր ընկերներուն հետ: Դուք այսպիսով երեխային այդ պիտակը կը կպցնենք ամէն տեղ: Մի՛ կրկնէք ամչկոտ ըլլալը, այլ փորձեցէ՛ք օգնել անոր, որ կարենայ աստիճանաբար յաղթահարել ամչկոտութիւնը:
Ծնողները երբեմն պէտք է նախաձեռնեն այնպիսի քայլերու, որոնցմով երեխան վարժութիւն ունենայ յարաբերելու ընկերներուն հետ: Օրինակ՝ փոքրիկ կրկնեփուկներ կարելի է տալ անոր եւ առաջարկել, որ զանոնք բաժնէ  ընկերներուն: Այսինքն՝ երեխան բան մը ընէ՝ նկատելի դառնալու համար:
Պէտք է երեխային սորվեցնել յաղթահարել դժուարութիւնները եւ ոչ թէ յարմարող ըլլալ: Եթէ այսօր իր հետ չեն խաղար, վաղը անպայման կը խաղան: Ուստի տագնապի մատնուելու չենք նման պարագաներու:
***
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՎՆԱՍԱԿԱՐ 4 ՄԹԵՐՔ
Ծնողները բնականաբար կը փափաքին, որ իրենց զաւակները առողջ ըլլան: Առողջ երեխաներ ունենալու համար հարկ է անոնց առողջարար սնունդ ապահովել:
Կան մթերքներ, որոնք պէտք է բացառել երեխայի ուտեստներու ցանկէն: Ստորեւ 4 վնասակար մթերքներ.
1- Քաղցր կարկանդակներ
Խօսքը անշուշտ,  մայրիկին կամ մեծմայրիկին պատրաստած քաղցրեղէնին մասին չէ, այլ խանութներու մէջ վաճառուող՝ քիմիական նիւթերով հարուստ եւ շատ քաղցր կարկանդակներուն մասին է: Այսպիսի կարկանդակները մեծ քանակով իւղ եւ շաքար կը պարունակեն: Ուստի նախընտրելի են տունը պատրաստուած կարկանդակները:
2- Տուփեղէն միս
Տուփեղէն միսը կը պարունակէ ճարպեր ու սննդային յաւելումներ: Նախընտրելի է տունը պատրաստուած մսեղէնով կերակրել երեխան:
3- Քիմիական հիւթ
Շատեր կը կարծեն, որ շուկան սրուակներով վաճառուող պտուղի հիւթը բնական է եւ օգտակար: Մէկ գաւաթ նման հիւթը  կը պարունակէ 6-7 դգալ շաքար: Անիկա յաճախակի օգտագործուելու պարագային կը վնասէ երեխային ակռաներուն, կրնայ նաեւ անոր շաքարախտով հիւանդանալու հաւանականութիւնը աւելցնել:
Փոխարինող տարբերակ՝ պտուղի թարմ հիւթ:
4- Ժիլիպոններ
Գունաւոր եւ աչքառու ժիլիպոնները մանուկներուն ամենասիրելի քաղցրեղէնի տեսակները կը համարուին: Սակայն, անոնք կը պարունակեն մեծաքանակ շաքար եւ քիմիական ներկեր:
Փոխարինող տարբերակ՝ տունը պատրաստուած գունաւոր կրկնեփուկներ: