Մայիսեան եւ Ռամատանի օրհնաբեր ամիսներուն զուգադիպութեան ուրախ առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանը կազմակերպեց հոգեւոր երաժշտութեան նուիրուած երեկոյ, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 2 Յունիս 2019-ին, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Երեկոյին ընթացքին հանդէս եկաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ մայսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի։
Երեկոյին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Հոգշ. Տէր Յովակիմ Աբեղայ Բանճարճեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Ժիրայր Րէիսեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչ Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչ Հրաչ Յակոբեան, Հալէպի Քաղաքային Խորհուրդի, Նահանգային Խորհուրդի, Պաաս Կուսակցութեան Հալէպի գլխաւոր քարտուղարի, Նահանգային Խորհուրդի Գործադիր Մարմինի ներկայացուցիչներ, ՀՀ Մարդասիրական օժանդակութեան խումբի մասնագէտներ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Իշխանութեան, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ, քրիստոնեայ եւ իսլամ հրաւիրեալներ։
Համերգը նուիրուած էր Սուրիոյ Առաջին Տիկնոջ՝ Ասմա ալ Ասատին։
Բացման խօսքով Ճեմմա Տաուլէ ըսաւ. «Այս համերգը նախ մեր շնորհակալութեան արտայայտութիւնն է Սուրիոյ նախագահին եւ Առաջին Տիկնոջ։ Ընտրեցինք «Ամբողջական Սիրով եւ Հաւատքով» խորագիրը, որովհետեւ համերգը տեղի կ՛ունենայ մայիսեան եւ Ռամատանի զուգադիպող ամսուան մէջ, իսկ մենք Աստուծոյ հաւատքը սիրոյ եւ համերաշխութեան մեր ուղին կը համարենք։ Ընտրեցինք սէր խորհրդանշող վերնագիր, որովհետեւ համերգը նուիրուած է Սուրիոյ Առաջին Տիկնոջ, որուն սիրոյ ապրումները բալասան հանդիսացան նահատակ զաւակ նուիրաբերող իւրաքանչիւր մօր, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր վիրաւորի, որուն արիւնը շաղախուեցաւ Սուրիական Հայրենիքի հողին»։
Ապա երգչախումբը բարձրորակ կատարումով յաջորդաբար մեկնաբանեց Կոմիտասի, Մակար Եկմալեանի, Խորէն Մէյխանաճեանի, Չայքովսկիի, Վիվալտիի, Հէնտըլի մշակած հոգեւոր երգերէն ընտրանի մը եւ արաբերէն հոգեւոր երգ մը:
Հոգեպարար այս համերգին աւարտին իր պատգամը ուղղեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Հոգեշնորհ Տէր Յովակիմ Աբեղայ Բանճարճեան, որ դիտել տուաւ, թէ սիրոյ եւ հաւատքի արտայայտութիւն հանդիսացող այս համերգը երկու խորհուրդ կը մարմնաւորէ՝ մեր հաւատարմութիւնը եւ երախտագիտութիւնը Սուրիոյ պետութեան ու ժողովուրդին: Յատկապէս այն իրականութեան համար, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակները ոչ միայն ապաստան գտան սուրիական հողերուն վրայ, այլեւ արժանացան Սուրիոյ ժողովուրդին սիրոյն եւ վստահութեան ու ծառայեցին այս երկրին, սատարեցին անոր վերելքին:
Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը իր խօսքը եզրափակելով շնորհակալութիւն յայտնեց «Զուարթնոց» երգչախումբին, անոր ղեկավարին ու դաշնակահարին, դիտել տալով, որ «Զուարթնոց»ը պատերազմի տարիներուն կանգուն մնաց ու շարունակեց ծաղկեցնել սուրիահայութեան մշակութային կեանքը:
Ապա Հայր Սուրբը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած Առաջին Տիկնոջ առողջութեան եւ Սուրիական Հայրենիքի խաղաղութեան համար: