Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան երկու առիթով հովուական այցելութիւն տուաւ Ճեզիրէի երկու շրջաններուն։
Երկուշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2022-ին հայր սուրբը մեկնեցաւ Հասիչէ, իսկ Երեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2022-ին Տերիք։
Հոգեշնորհ հայր սուրբին ընկերակցեցան Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան եւ թաղական կազմի անդամներ։
Հայր սուրբը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցան երկու շրջաններու թաղականութեանց, վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչաց կազմերուն կողմէ։ Վարժարաններու աշակերտները լոզունքներով եւ բարի գալուստի կանչերով դիմաւորեցին հիւրերը։
Այցելութեան նպատակն էր մօտէն հետեւիլ վարժարաններու ուսումնական գործընթացին, անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ յառաջիկայ շրջանի նախատեսուած ծրագիրներուն։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն