Թունուսի Ճերպա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօսներու միջազգային կազմակերպութեան 18-րդ գագաթնաժողովին, 20 Նոյեմբերին ընդունուած են շարք մը փաստաթուղթեր եւ «Ֆրանսախօս տիրոյթի ճգնաժամային իրավիճակներուն, անոնց յաղթահարման եւ խաղաղութեան ամրապնդման մասին» բանաձեւը, որով անդամ երկիրները իրենց աջակցութիւնն ու համերաշխութիւնը յայտնած են Հայաստանին։

Բանաձեւին մէջ խորին մտահոգութիւն յայտնուած է վերջերս տեղի ունեցած Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ Ատրպէյճանի յարձակումին, յատկապէս անոր հետեւանքով միջազգային իրաւունքին, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներուն առնչութեամբ։

Կազմակերպութիւնը քաջալերած է կողմերը, միջազգային գործընկերներու հետ միատեղ հարցերու բանակցուած, խաղաղ եւ տեւական կարգաւորման ուղղութեամբ առաւելագոյն ջանքերը գործադրելու՝ յարգելով միջազգային իրաւունքը, ներառեալ՝ տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքները՝ համաձայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ կոչ ուղղած է յարգելու հրադադարը։

Բանաձեւը ընդգծէած է նոր զինուորական գործողութիւններէ խուսափելու կարուորութիւնը և կոչ ուղղած լիարժէքօրէն իրականացնելու 9 Նոյեմբեր 2020_ի եռակողմ յայտարարութիւնը եւ ողջունած է գործադրուող ջանքերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ ու արդարացի կարգաւորման։

Բանաձեւին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ մարդասիրական հարցերուն։ Կազմակերպութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնած է լուծում չստացած մարդկային հարցերու առնչութեամբ, յատկապէս ռազմագերիներուն եւ այլ պահուող անձերուն, ինչպէս նաև անհետ կորած անձերու ճակատագիրին մասին։

Ան նաև մտահոգութիւն յայտնած է մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման գծով եւ իր աջակցութիւնը ցուցաբերած է Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներու ԻՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան իրականացման։

Աւելցնենք նաեւ, որ ֆրանսախօսներու Ճերպայի հռչակագիրով կազմակերպութեան անդամ երկիրները շնորհակալութիւն յայտնած են Հայաստանին ֆրանսախօսներու գագաթնաժողովը վերջին չորս տարիներու ընթացքին նախագահելուն համար եւ յայտնած են իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են Հայաստանին։