Կազմակերպութեամբ Վէմ հանդէսի, ՀՅԴ թանգարանի եւ Կոմիտաս հիմնարկի (Լոնտոն), ներկայութեամբ թարգմանիչ Պետօ Տէմիրճեանի եւ հրատարակիչ Արա Սարաֆեանի՝ Արամ Մանուկեան Երիտասարդական կեդրոնէն ներս 22 Նոյեմբերին, Երեւանի ժամով ժամը 15:00-ին տեղի պիտի ունենայ
Սողոմոն Թէհլիրեանի «Վերյիշումներ. Թալիաթի Ահաբեկումը» գիրքի անգլերէն հրատարակութեան շնորհանդէսը: