«Արմէնփրէս»._ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Պեգլարեան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է, որ
Արցախի իշխանութիւնները պատրաստ են բանակցութիւններու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ, սակայն կարեւոր է, որ նիւթերը եւ միջազգային ձեւաչափը որոշուին նախապէս:
«Արցախի ներկայացուցիչը պէտք է նշանակուի միայն մեր իշխանութիւններուն կողմէ։ Մենք շփումներ ունինք իրարու հետ, բայց միայն մարդկային փոխադարձ կարիքներու համար», գրած է Արտակ Պեգլարեան: