Ինչպէ՞ս կ’ապրին Թուրքիոյ հայերը, ի՞նչ խնդիրներ, մտահոգութիւններ ունին, ինչպէ՞ս հնագոյն Պոլիս քաղաքին մէջ կը պահպանուին հայերէնը, հայկական մշակոյթը եւ ի՞նչ ջանքեր կը գործադրեն տեղւոյն հայերը՝ ազգային դիմագիծը չկորսնցնելու համար: Ինչո՞ւ այնտեղ ապրող հայերէն ոմանք կը գերադասեն թրքերէն խօսիլ, իրենց երեխաները ուղարկել օտար դպրոցներ, ի՞նչ գին ունի անվտանգութիւնը…
Լրագրող, հրապարակախօս Սագօ Արեան բազմիցս շփուած է Իսթանպուլի հայութեան հետ՝ փորձելով անոնցմէ ստանալ այս հարցերու պատասխանները: Ան Պոլսոյ մէջ՝ իսթանպուլաբնակ 33 հայու հետ կատարած իր հարցազրոյցները ամփոփած է գիրքի մէջ՝ փորձելով մէկ հարթակի վրայ լսելի դարձնել հայութեան ամենատարբեր խաւերու ձայնը: Վաւերական նշանակութիւն ունեցող գիրքը գրուած եւ հրատարակուած է հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ գործադրած ջանքերու եւ անկէ բխած մթնոլորտի պայմաններուն մէջ, եւ գիրքին մէջ բնականաբար, անդրադարձ կայ նաեւ այդ հարցին: Իսթանպուլի հայերը իրենք կը փորձեն պատասխանել, թէ ի՞նչ կու տայ այդ յարաբերութիւններու բնականոնացումը երկու կողմերուն համար, ի՞նչ դրական եւ բացասական կողմեր ունի, անխուսափելի՞ է արդեօք հարեւաններու հետ հաշտութեան երթալու ճանապարհը, թէ՞ այն կարելի է նաեւ անտեսել… Հայաստանի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան խնդիրներուն առընթեր փորձ եղած է նայիլ «շատ բան տեսած» իսթանպուլահայերու աչքերով, դուրսէն…
«33 ձայն Իսթանպուլէն. Ինչպէս ճանչցայ պոլսահայութիւնը» խորագրով գիրքը լոյս տեսած է օրերս, Երեւանի մէջ եւ պիտի տարածուի յատկապէս պոլսահայ համայնքով հետաքրքրուողներու շրջանակներուն մէջ: