Շաբաթ, 19 Նոյեմբեր 2022-ի կէս գիշերուան ժամը 00:00-ին, թրքական ուժերուն ենթակայ զինուորական օդանաւեր Հալէպի, Հասիչէի եւ Ռաքքայի հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան տարբեր շրջաններու, գիւղերու եւ քաղաքներու վրայ յարձակում գործեցին։ Տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ թրքական օդանաւերը թիրախ դարձուցին Հալէպի հիւսիսային արուարձանի «Մանկ», «Այն Տաքնա», «Այն Արապ», «Թալ Ռաֆաաթ», «Մարաանազ» գիւղերը, Ռաքքայի արուարձանի հիւսիսարեւելեան «Այն Իսա» աւանը, Հասիչէի հիւսիսարեւելեան «Մալքիէ» արուարձանի «Քարաչոք» լերան տարբեր շրջաններ, Հասիչէի հիւսիսարեւմտեան «Տրպէսիէ» աւանի տարբեր շրջաններ, իրաքեան «Սուլէյմանիէ» նահանգէն շրջաններ եւ Էրպիլ նահանգի «Սանքասար»ի շրջանը։
Թրքական օդային յարձակումներուն հետեւանքով արձանագրուեցան զոհեր, վիրաւորներ եւ նիւթական ահաւոր վնասներ։ Այս առիթով, տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին նաեւ, թէ Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբերին, ռուսական պատերազմական օդանաւեր ռմբակոծեցին թրքական սահմանային «Պապ ալ Հաուա», «Պապըսքա» եւ «Սարմատա» շրջաններուն մէջ կայք հաստատած «Ճապհաթ ալ Նուսրա» զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման ենթակայ, միջազգային ահաբեկչութեան ցուցակին մաս կազմող «Թահրիր ալ-Շամ» կոչուած խմբաւորումներու կեդրոնները։ Յարձակումին հետեւանքով ահաբեկիչներուն շարքերը կրեցին մարդկային եւ նիւթական վնասներ։ Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան սպառնաց թրքական պատերազմական օդանաւերու յարձակումներուն կողքին, Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային շրջաններուն ուղղութեամբ զինուորական, ցամաքային գործողութիւններ սկսիլ։
«Ուաթան Անլայն»-ի համաձայն, Էրտողանի սոյն յայտարարութիւնը եկաւ թրքական-սուրիական սահմանային Այնթէպ քաղաքին «Քարքամիշ» աւանին հրթիռակոծումէն եւ 3 մահուան պարագաներու արձանագրումէն ետք։