Երեքշաբթի, 22 Նոյեմբերին «Գանձասար»-ի խմբագրութիւնը հիւրընկալեց Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեանը։

Տէրտէրեան ծանօթացաւ «Գանձասար»-ի խմբագրակազմին ու տարուող աշխատանքին։ Այնուհետեւ «Գանձասար»-ի խմբագիրին հետ զրուցեց Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ-ի ուղեկից միութիւններու խորհրդաժողովին արծարծուած նիւթերուն եւ համատեղ օրակարգերուն շուրջ։
Ապա Տէրտէրեան զեկուցեց Հայ Օգնութեան Միութեան սուրիահայութեան շարունակուող օժանդակութեան մասին եւ իր տպաւորութիւնը յայտնեց Հալէպ այցելութեան, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի մարդասիրական աշխոյժ աշխատանքին մասին։
ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ատենապետին կ՚ընկերակցէին ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Սիրան Աւընեան-Ամպարճեանն ու ատենադպիր Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեանը։