Դարերու աւանդութեան համաձայն, ուխտագնացութիւնները ընդհանրապէս յատուկ տեղ գրաւած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ: Բերիոյ Հայոց Թեմի տարածքին մասնաւորաբար վերածուած են հաւատքի վերանորոգման եւ խնդրանքներու իրագործման առիթներու, որոնց ընդմէջէն մեր ժողովուրդի զաւակները Աստուծոյ հրաշագործ նորագործութեան հաւատալով եւ կառչած մնալով մեր պապերու նուիրական հաւատքին, յատկապէս նեղութեանց եւ փորձութիւններու մէջ, խոր համոզումով կ’ուխտեն եւ իրենց ուխտը կ’իրականացնեն մեր սրբավայրերուն տալով ուխտաւորական այցելութիւն եւ մասնակցելով ոգեւորիչ արարողութեանց, ինչպիսին է պարագան Ս. Աստուածածնայ Երից Ամացն Տաճար Ընծայման տօնը:

Արդարեւ, Շաբաթ, 19 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան հովուական այցելութեամբ ժամանեց Լաթաքիա: Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, Առաջնորդական Տեղապահ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիար Գուրգէն Գալուստեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ Տիար Պետրոս Յովհաննէսեան եւ հիւրաբար ժամանած Տիար Նազարէթ Տիշոյեան։

Սրբազան Հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի անդամներուն, դպիր-դպրուհիներուն, ինչպէս նաեւ Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտութեան կողմէ: Եկեղեցւոյ մուտքին Սրբազան Հայրը օրհնեց աւանդական աղն ու հացը, ապա մուտք գործեց եկեղեցի եւ գոհաբանական աղօթք մատուցեց։
Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին սաղմոսներ, շարականներ, ինչպէս նաեւ Ս. Պատարագէն քաղուած հատուածներ, որոնց աւարտին իր հայրական յորդորներն ու պատգամը աշակերտութեան փոխանցեց Սրբազան Հայրը:

Նոյն օրը յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, ապա մատաղի պատրաստութեան համար ծիսականօրէն կատարուող աղի օրհնութիւն: Սրբազան Հայրը այս անգամ դիմաւորուեցաւ մեծաթիւ հաւատացեալներու եւ ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ:
Ժամերգութեան աւարտին, Հայրապետական Նուիրակը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Կիրակնամուտի ժամերգութեան իմաստին եւ յատկապէս ճշմարիտ լոյսին, յարութեամբ մեզի տրուած աստուածային կեանքի յաւիտենականութեան, զօրութեան, ուրախութեան, երջանկութեան, ճշմարտութեան մասին եւ հրաւիրեց ժողովուրդը, որպէս Քրիստոսի յարութեան զօրութիւնը իր մէջ կրող հաւատացեալներ, իբրեւ երկնքի քաղաքացիներ, լոյսի եւ ցերեկուան որդիներ՝ նոյն հաւատքով, նոյն եռանդով եւ նոյն նախանձախնդրութեամբ ապրելու, պայքարելու եւ գործելու, միշտ կապուած մնալով եկեղեցւոյ ուսուցումներուն, վարդապետութեան եւ մեր ազգային, եկեղեցական, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն։