Թրքական իշխանամերձ «Areda Survey» վիճակագրական-հետազօտական ընկերութիւնը 2023-ի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ կազմակերպած է առցանց հարցախոյզ մը, որուն արդիւնքը ցոյց տուած է, որ  ներկայ նախագահ Էրտողան առաջին փուլով վերընտրուելու կարելիութիւն չունի:
«Էրմէնիհապէր»-ի համաձայն, հարցումը ուղղուած է սոյն տարուան 26-31 Հոկտեմբերի  ժամանակահատուածին,  26 նահանգի մէջ, 18 տարեկանէն բարձր 2.000 քաղաքացիներու:
Մասնակիցները պատասխանած են՝ «եթէ այս շաբաթ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի ունենան, ո՞ր կուսակցութեան եւ  նախագահի ո՞ր թեկնածուին ի նպաստ կը քուէարկէք» հարցումին:
Պատկերը հետեւեալը  եղած  է.
Իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութիւն» – 38,1%
«Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութիւն» – 25%
«Ժողովուրդներու Ժողովրդավար Կուսակցութիւն» – 10, 5%
«Լաւ Կուսակցութիւն»- 10,2%
«Ազգայնական Շարժում Կուսակցութիւն» – 10,1%
«Նոր Բարօրութիւն Կուսակցութիւն» -1,5%
«Յաղթանակ Կուսակցութիւն» – 1,3%
«Ժողովրդավարութիւն եւ Յառաջընթաց Կուսակցութիւն» – 1,2%
Այլ կուսակցութիւններ ստացած են մէկ տոկոսէն ալ նուազ ձայներ:
Էրտողան՝ իբրեւ նախագահի թեկնածու, ստացած է ձայներու 48,6%-ը, Անգարայի քաղաքապետ, ընդդիմադիր ԺՀԿ-ի անդամ Մանսուր Եաւաշը՝ 19,4%-ը, իսկ ԺՀԿ առաջնորդ Քեմալ Քըլըչդարօղլուն՝ 16,9%-ը: