Մենք հայերս, մանաւանդ հալէպահայերս միշտ նշանաւոր եղած ենք մեր հիւրընկալ հոգիով, դուրսէն եկած որեւէ հիւրի հանդէպ մեր պարտականութիւնը մեծ սիրով կատարելով. եւ անշուշտ երբեք չենք տեսած նոյն տեսակի եւ նոյն չափի հիւրընկալութիւն, այլ գաղութներու, քաղաքներու կամ երկիրներու մէջ: Արդեօ՞ք ասիկա կու գայ «Հիւրը Աստուծոյ օրհնութիւնն է» համոզումէն, թէ՞ կու գայ մեր գիտակցութենէն, արիւնով մեզի հասած մեր յիշատակներէն, թէ որքան թանկագին է օտար քաղաքի մը մէջ հիւրի մը հանդէպ ցուցաբերուած հիւրընկալութիւնը:
Ի՛նչ ալ որ ըլլայ պատճառը, հիւրը հալէպահայուն համար սրբութիւն եղած է միշտ, «տաք» թէ «պաղ» օրերուն, առատութեան թէ սակաւութեան մէջ:
Այս բոլորին մասին կը մտածէի, երբ մանկութեանս յիշողութիւնները խուժեցին վրայ, ժպիտ բերելով կարօտ հոգիիս:
Հիւրասիրութիւնը միշտ նոյն ձեւով չէ եղած է Հալէպի մէջ: Սկիզբը սուրճն էր եւ սուրճին հետ հրամցուած տունը պատրաստուած անխուսափելի անուշը՝ սմբուկի, ընկոյզի, դդումի, սերկեւիլի, թուզի կամ եղանակին որեւէ պտուղի անուշը, որ կը հրամցուէր յատուկ ամանով եւ որուն կ’ընկերանար զոյգ աչքերով այլ աման մը (ընդհանրապէս տան փոքր աղջիկը կ’ըլլար այդ ամանը բռնողը) որուն մէկ աչքին մէջ կ’ըլլային անուշին պատառաքաղները, միւսին մէջ՝ ջուր: Հիւրը կ’առնէր պատառաքաղ մը, կը վերցնէր անոյշի կտոր մը եւ ճաշակելէ ետք զայն կը դնէր ջուրով լեցուն կողմը:
Եւ ասիկա կ’ըլլար ամբողջ հիւրասիրութիւնը: Կ’երեւի յիսունական թուականներն էին:
Անկէ ետքի շրջանին կիները սկսան տան մէջ քաղցրաւենիք պատրաստել եւ սուրճին հետ հրամցնել, իսկ անոյշը մնաց որպէս սուրճէն ետքի հրամցուելիք:
Մէկ կողմէն հայերուն տնտեսական վիճակը սկսած էր բարելաւուիլ, միւս կողմէն տակաւին ոչ ոք հեռաձայն ունէր տան մէջ, կամ քիչերն էին որոնք ունէին. հետեւաբար հալէպցիները լաւ ձեւ մը գտեր էին յաճախ այցելութեան երթալու իրարու, առանց «անակնկալ հիւրի» տհաճ զգացողութիւն տալու տանտէրերուն. ստեղծուեր էր «օր»ը:
Իւրաքանչիւր ընտանիք ամսուան մէջ իր օրը ունէր: Տանտիկինը այդ օր նախ աղուոր մաքրութիւն մը կ’ընէր տան մէջ, ապա կը լծուէր քանի մը տեսակ քաղցրաւենիք պատրաստելու: Այդ օրուան ճաշը կա՛մ երէկուանէն մնացածը կ’ըլլար, կա՛մ ոտքի վրայ պատրաստուած բան մը:
Թէ ովքե՞ր եւ քանի՞ հոգի պիտի գային այդ օր, անակնկալ կ’ըլլար. բայց որովհետեւ տանտիկինը կազմ ու պատրաստ էր հիւր ընդունելու, անակնկալը կը դառնար հաճելի:
Հազիւ մէկ-երկու տեսակ քաղցրաւենիք կը պատրաստուէր եւ անշուշտ՝ անխուսափելի սուրճը, որ կրնար կրկնուիլ երեկոյի աւարտին, երբ հիւրերէն մէկը ըսէր.
-«Երթաք բարի»-ի սուրճ մըն ալ տուէ՛ք, որ երթանք …
Սուրճի շատ հետաքրքրական պատմութիւն մը ունի մայրս. օր մը քոյրերն ու զարմուհիները կու գան անակնկալ կերպով, մինչ ինք երկու ժամ ետք պէտք էր գործի հասնէր: Բայց երկու ժամ ունէր իր տանտիկինի պարտականութիւնը կատարելու համար:
-Բոլոր հիւրասիրութիւնները ըրի, տունը ի՛նչ որ ունէի հրամցուցի. բայց այս մարդիկը չէին երթար: Սկսայ մտածել թէ ուրիշ ի՞նչ կրնամ հրամցնել. ինչ որ հրամցուցի, դեռ իրենք կը շարունակէին նստիլ: Յետոյ ելան գացին, ես ալ շատ արագ, ամէն բան ձգած գործի վազեցի: Երբ վերադարձայ, սկսայ պնակները լուալ, բայց սուրճի գաւաթ-պնակ չկար: «Մամա՛,- ըսի կեսրոջս,- սուրճի գաւաթները դո՞ւն լուացիր», թէեւ չէի հասկնար, թէ կոյր կեսուրս ինչպէ՞ս լուացած պիտի ըլլար սուրճի գաւաթները: Բայց կեսուրս կշտամբանքով ըսաւ՝ «Օղո՛ւլ, դուն սուրճ հրամցուցի՞ր, որ ես ալ գաւաթները լուայի …»: Այն ատեն հասկցայ, թէ ի՞նչ կը սպասէին հիւրերս … Մարդ Աստուծոյ, ըսէիք որ սուրճ կ’ուզէք: Ամբողջովին մոռցեր էի սուրճը …
Յետոյ հիւրասիրութիւնները ճոխացան, մանաւանդ երբ կիները յետմիջօրէին սկսան իրարու երթալ. ալ թապպուլէ, ալ ֆաթթուշ, ալ պէօրէկի տեսակներ, վրայէն ալ անշուշտ քաղցրեղէն:
Եկաւ ատեն մը, երբ հիւրընկալութիւնը ընթրիք կը նշանակէր, խմիչքով եւ բազմատեսակ ուտեստներով: Հալէպահայ կիները գրեթէ իրարու հետ կը մրցէին իրենց նոր համադամներով, որոնց խոհագրերը շատեր նոյնիսկ գաղտնի կը պահէին:
Պէտք է խոստովանիլ, թէ որքան որ Հալէպը նշանաւոր է իր խոհանոցով, հալէպահայ կիները նոյնքան նշանաւոր են իրենց խոհանոցային հմտութեամբ, իրենց քիմքին նրբութեամբ եւ մատներուն ճարտարութեամբ:
Սուրիական պատերազմին օրերը փաստեցին այս հմտութիւնը, նոր «նուաճում»-ներու տանելով հալէպահայ տիկինները: Ի պատիւ իրենց պէտք է խոստովանիլ, որ ոչ մէկ ծեր եւ ոչ մէկ մանուկ անօթի կամ անպատսպար մնաց այդ օրերուն, որոնք շատ ծանր էին, կրնամ հաստատել ականատեսի վկայութեամբ: Ազգային Ծերանոցի եւ Պատսպարանի տաքուկ յարկերուն տակ մանուկներն ու ծերերը սառնամանիքի այդ օրերուն զիրենք հոգացող ձեռքեր գտած էին:
Ճիշդ է որ օրերը փոխուած են, օրերը բնաւ բարի չեն այս օրերուն, բայց մեր հիւրընկալութեան ոգին, կը կարծեմ թէ, չէ փոխուած:
Ծնողքիս տան մէջ ընդունելութեան օրը ամէն ամսուն 28-ին էր:
Բարի օր ձեզի:
Մարուշ Երամեան