«Էրմէնիհապեր»._Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պիւտճէի քննարկումի ընթացքին անդրադարձած է ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիա նահանգին մէջ ընդունուած որոշումին։

Քալիֆորնիոյ նահանգային ժողովը որոշում ընդունած է 24 Ապրիլը յայտարարել Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր եւ այդ օրը սահմանած է որպէս ոչ-աշխատանքային օր։

«Oրէնքի ընդունումէն վերջ ԱՄՆ իշխանութիւններուն յղած ենք մեր խստագոյն արձագանքը։ Բացի անկէ, ամերիկեան կողմին հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ մենք կը շարունակենք արծարծել այդ հարցը», յայտարարած է Չաւուշօղլու։