Թուրքիոյ հիւսիսարեւմտեան Տիւզճէ նահանգին մէջ 23 Նոյեմբերի առաւօտեան՝ տեղական ժամանակով 04:08-ին տեղի ունեցած է 5.9 բալ հզօրութեամբ երկրաշարժ, որուն հետեւանքով վիրաւորներուն թիւը հասած է 68-ի: Այս մասին յայտնած է այդ երկրի առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոջան: Պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, զոհեր չկան:

Նշուած է, որ երկրաշարժի հետեւանքով բազմաթիւ շէնք-շինութիւններ վնասուած են։

Ստորգետնեայ առաջին ցնցումին յաջորդած են 123 հետցնցումներ, որոնցմէ ամենաուժգինը եղած է 4.3 բալ ուժգնութեամբ: Կը հաղորդուի, որ յետցնցումներուն հետեւանքով վնասուած տուներու բնակիչներուն արգիլուած է մտնել իրենց բնակարանները: