Երեքշաբթի, 22 Նոյեմբեր 2022-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հանդիպում ունեցաւ Սուրիացի Ուսանողներու Միութեան «Մտածենք՝ Սուրիոյ Մասին» խորագիրով երիտասարդական հանդիպումի մասնակիցներուն հետ։

Նախագահ Ասատ ուսանողներուն հետ խորհրդակցեցաւ բարձրագոյն կրթութեան, մշակութային կեանքի, պատկանելիութեան, ծրագրուած աշխատանքի, տնտեսական փոքր ծրագիրներու եւ այլ հարցերու շուրջ։

Ասատ դիտել տուաւ, որ կարելի չէ թափանցիկօրէն գործել առանց երկխօսութեան։ «Տարբեր ծրագիրներու իրագործման մէջ շօշափելի արդիւնքի հասնելու համար երկխօսութիւնը կարեւոր է տարբեր մակարդակներու վրայ», ըսաւ նախագահը, աւելցնելով, որ երկխօսութեամբ միայն կարելի կը դառնայ սուրիացիներու տարբեր տեսակէտները մէկտեղել՝ տարաբնոյթ հարցերու լուծման համար»։

Նախագահը կոչ ուղղեց ուսանողներուն արդիւնաբեր առաջարկներով հանդէս գալ՝ սուրիական ընկերութեան յառաջընթացին ի խնդիր։