ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելած է Արցախ, ուր հանդիպումներ ունեցած է երկրի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, նորանշանակ պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի եւ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի հետ: Այս մասին Բիւրոյի ներկայացուցիչը կը յայտնէ իր դիմատետրի էջով:
«Յախուռն Արցախ. երկիր` դրախտավայր. երկիր` հարենանուէր հերոսներու. հայութեան յաւերժական բնօրրան:
Արցախի հիմնահարցի, ներկայ իրավիճակի, մեր ընելիքներու մասին քննարկումներ տեղի ունեցան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի, Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վ. Բալասանեանի, Արցախի պետնախարար Ռ. Վարդանեանի եւ Արցախի նախագահ Ա. Յարութիւնեանի հետ», գրած է ան: