Դիմատետրէն եւ ուշացումով տեղեկացայ Պատանիի օրուան յիշատակման մասին: Ուստի զիս կազմաւորած այս միութեան կը նուիրեմ տողերս երախտագիտութեամբ ու զօրակցութեամբ անսահման:
Ծրագիրներով դաստիարակչական,
Կրթարան եւ գաղափարական,
Պատանի հոգիներ քեզմով կը մեծնան,
կը Հասնին Երիտասարդական,
Ազատ, Անկախ,Միացեալ Հայաստանի եւ հայութեան,
Վե՛հ իտէալի հաւատաւոր կրողը կը դառնան։
Հայ ինքնութեան պահպանման,
Առաքելութիւնն ես նուիրական,
ՀՅԴ Պատանեկան,
Հայրենիքի եւ ազգի անմնացորդ ծառայութեան սկզբնարան,
Շառաւիղն ես պահանջատէր հայութեան,
Երթդ մնայ անխափան։
Գրիգոր Տունկեան