ՅԱՒԵԼՈՒԱԾՆԵՐ ԵՒ ԿԱՅՔԵՐ 
Յաճախ կը լսենք ու կը կարդանք, թէ որքա՛ն կարեւոր է մանկապատանեկան գրականութիւնը հայ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան համար։ Դժբախտաբար սակայն անբաւարար են այդ մարզին մէջ աշխատանքի նախաձեռնողները, եւ հազուագիւտ՝ մասնագէտները։ Պատճա՞ռը, կ’անգիտանանք, բայց կը հաւատանք, որ եթէ ընթերցասէր սերունդ մը կ’ուզենք պատրաստել, պէտք է փոքր տարիքէն մանուկները վարժեցնենք ընթերցելու՝ անոնց տրամադրելի դարձնելով բազմաբնոյթ գրականութիւն, դաստիարակչական խաղեր, տպագրուած կամ առցանց միջոցներով։
Այս յօդուածով պիտի փորձենք անդրադառնալ վերջին 10 տարիներուն պատրաստուած մանկական եւ մանկապատանեկան զանազան առցանց յաւելուածներուն եւ կայքերուն։ Համացանցի մեր դարուն, երբ տպագիր թերթեր կը դադրին՝ իրենց տեղը զիջելով առցանց տարբերակներու, մանուկներու եւ պատանիներու ուղղուած նախաձեռնութիւններուն մեծ մասը բնականաբար կը ստեղծուին առցանց գործածութեան համար՝ բջջային հեռախօսներու յաւելուածներու եւ կայքերու միջոցով։
Այսու, կը փափաքինք նշել արեւմտահայերէնով պատրաստուած հետեւեալ յաւելուածներն ու կայքերը.
Յաւելուածներ (applications)
World of colors – Գոյներու Աշխարհ
PTIT – ՓԹԻԹ
World of shapes – Ձեւերու Աշխարհ
Gus On the Go
World of letters – Գիրերու Աշխարհ
World of numbers – Թիւերու Աշխարհ
Կայքեր (websites)
www.pokrig.org
www.armlands.com
www.teaov.org  ԺՊԻՏ պարբերաթերթի PDF
www.lalanouaran.com/hy
www.soundcloud.com/a-sarkissian
www.aghvorpaner.com
www.e-ptit.com
Վերոյիշեալներուն կողքին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի (ԳԿՀՀԲ) հովանաւորութեամբ՝ youtube-ի վրայ ստեղծուած է Երդիք տեսերիզներու շարքը, թէ՛ մանուկներուն «Ակուլ Տուկուլ» եւ թէ՛ պատանիներուն «Ալնիս Բալնիս» համար։ Նաեւ ԳԿՀՀԲ-ի հովանաւորութեամբ ստեղծուած է «Գիւտ մը Նիւթ մը» գիտական տեսերիզներու շարքը։ Youtube-ի վրայ կարելի է գտնել նաեւ մանուկներու համար բազմաթիւ տեսերիզներ եւ հեքիաթներ, որոնց մասին ամբողջական տեղեկութիւն եւ այլազան աղբիւրներ կարելի է քաղել ԳԿՀՀԲ-ի Զնտուկ (www.zndoog.com) եւ ՀԲԸՄ-ի Ատլաս (www.agbuatlas.org.wa) տեղեկատու կայքերէն:
Տեղին է նշել, որ ԳԿՀՀԲ-ի պատասխանատուները արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ գոյատեւումին ի խնդիր իրենց այլազան ծրագիրներուն մէջ մեծ կարեւորութիւն կ’ընծայեն ժամանակակից մանկապատանեկան գրականութեան ծանօթ գիրքերու թարգմանութեան ու արեւմտահայերէն լեզուով հրատարակութեան: Այս ծիրին մէջ Զարդիս մատենաշարով Փարիզի «Նոր Յառաջ»-ի գործակցութեամբ ցարդ հրատարակուած է 6 գիրք։
Էական է, որ գործող բոլոր մանկապատանեկան կայքերն ու յաւելուածները արժանանան բացառիկ ուշադրութեան, ունենան կանոնաւոր նիւթական յատկացումներ, որպէսզի աւելի արագ յաճախականութեամբ թարմացնեն իրենք-զիրենք՝ թէ՛ բովանդակութեան եւ թէ մատուցման գործիքներու առումով: Գաղտնիք չէ, որ մանուկներ եւ պատանիներ շուտ կը ձանձրանան. անոնք անընդհատ նորութեան եւ փոփոխութեան հետամուտ են՝ ի տարբերութիւն տարեցներու: Ուստի իրենց հրամցուող ամէն ինչ պէտք չէ «հիննայ», այլ կանոնաւորաբար հարստանայ ու բարելաւուի:
Արեւմտահայ մանկապատանեկան մարզին մէջ ցարդ կատարուածը գնահատելի է, մանաւանդ եթէ բաղդատենք երկու տասնամեակ առաջուան վիճակին, սակայն բաւարար չէ: Հարկ է, որ այդ կարեւոր մարզը նոր նախաձեռնութիւններով հարստանայ, որպէսզի հայ նոր սերունդը իր տրամադրութեան տակ ունենայ հարուստ հաւաքածոյ մը գիրքերու, պարբերաթերթերու, յաւելուածներու եւ կայքերու՝ այլազան բովանդակութեամբ եւ մատուցման զանազան միջոցներով, որպէսզի մանուկ թէ պատանի հայ ընթերցողը իր նախասիրութեան համեմատ, ընտրանքի առիթ ունենայ կարդալու, խաղալու կամ պրպտելով սորվելու։ Որքա՜ն ցանկալի է, որ հայ ազգի հարուստ անհատներ ու կազմակերպութիւններ քարակերտումէ աւելի հետաքրքրուին մարդակերտումով եւ յաւելեալ պիւտճէ տրամադրեն ֆինանսաւորելու ծրագիրներ, որոնք կ’օգնեն, որ հայ նոր սերունդը հայօրէն ծաղկի եւ Սփիւռքի ձուլարանին մէջ պահէ իր մայրենի լեզուն ու մշակոյթը։
Վերժին եւ Կարօ Աբրահամեան