«Արմէնփրէս»._Նախագահ Վլատիմիր Փութին Երեւանի մէջ ընթացող ՀԱՊԿ գագաթնաժողովի ընթացքին ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի կարգաւորման մասին զրուցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

«Մենք արդէն հակիրճ միտքեր փոխանակած ենք Հայաստանի վարչապետին հետ: Այսօր մեր երկկողմ հանդիպումին ընթացքին, անշուշտ, աւելի մանրամասն պիտի խօսինք այդ մասին», ըսած է Փութին։