Սուրիոյ մէջ վերջին շրջանին ուտեստեղէնի եւ ընդհանրապէս ապրուստի անհրաժեշտ կարիքներու գիներուն անհամեմատ բարձրացումը անել կացութեան մատնած է քաղաքացիները:
Պատերազմի դժուարագոյն պայմանները թօթափած Սուրիոյ բնակչութիւնը այս անգամ ամէն շաբաթ ականատեսը կ’ըլլայ գիներու նոր բարձրացումի, ինչ որ աղքատութեան մակարդակը կը բարձրացնէ եւ ապրուստի նուազագոյն պայմաններու ապահովումը դժուար կը դարձնէ:
Վերջին տնտեսական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ սուրիացի ընտանիքի մը ապրուստի ամսական միջին արժէքը Սեպտեմբերի աւարտին կը հասնէր 3,5 միլիոն ս.ո.-ի: Նոյեմբերի մէջ յատկապէս ուտեստեղէնի գիները նոր մագլցում արձանագրեցին՝ աւելի բարդացնելով վիճակը:
Սղաճը ունի մէկէ աւելի պատճառներ, ինչպէս Սուրիոյ տընտեսական շրջափակումը, վառելանիւթի տագնապն ու համապատասխանաբար բարձրացող գինը, ներմուծումի մաքսային տուրքերու բարձրացումը, սուրիական դրամանիշին անկումը օտար դրամանիշերուն դիմաց: Այս բոլորին կողքին սակայն նկատելի է շուկաներու հսկողութեան թուլութիւնը եւ առեւտրականներու շահագործումը այս կացութեան: Այլապէս ինչպէ՞ս կրնան բարձրանալ վաճառականներուն նախապէս ապահոված տեղական մեծաքանակ մթերքներուն գիները, եթէ սուրիական դրամանիշը մէկ օրէն միւսը նոր անկում մը արձանագրէ օտար դրամանիշի բարձրացման հետ:
Անտրամաբանական դարձած են սղաճի տոկոսները մանաւանդ տեղական արտադրութեան ուտեստեղէնի պարագային, որքան ալ որ այդ մէկը վերագրուի վառելանիւթի տագնապին ու ելեկտրականութեան հայթայթման նուազումին, հետեւաբար ալ արտադրողական աշխատանքի ծախսալից ըլլալուն:
Տնտեսական նման իրավիճակներու յաղթահարման մէջ նկատառելի դեր կ’ունենան տնտեսական փոքր ձեռնարկութիւնները, որոնք կրնան գէթ ընդունելի եկամուտ ապահովել առանց մեծ ձեռնարկութիւններու հսկայ ծախսերուն: Հետեւաբար այլընտրանքային լաւ լուծում կը համարուին նման ձեռնարկութիւնները յատկապէս երիտասարդութեան մօտ՝ դիմագրաւելու ներկայ անկայուն տնտեսական վիճակը:
Ցաւօք, ինչպէս Սուրիոյ պետական հաստատութիւններու, այնպէս ալ հայկական հաստատութիւններու պաշտօնէութեան ամսականներուն պատկերը անհամեմատելի կը մնայ ապրուստի անհրաժեշտ կարիքներու սղաճին հետ:
Պաշտօնեան ինչպէ՞ս պիտի գոյատեւէ նման պայմաններով, ինչպէ՞ս պիտի ապահովէ իր ընտանիքին ապրուստի նուազագոյն մակարդակը. հարցումներ են, որոնք ինչպէս պետական այնպէս ալ ազգային մարմինները պէտք է մղեն համապատասխան քայլերու ձեռնարկելով պաշտօնէութեան ամսականներու պատկերը սղաճին հետ համեմատելու եւ տրամաբանական լուծումներ որոնելու: